Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2013-ին Թուր Էյֆելի Եւ Լուվրի Ականահարման Կանխարգիլման Տեղեկութիւնը Հրապարակուեցաւ. Ֆրանսայի Մէջ Մտադիր Են Ուժեղացնել Իսլամականներու Դէմ Պայքարը

July 11, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1007louvre-eiffel«Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով «Տը Լոքըլ»-ին, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազնիով մտադիր է օրէնքի նախագիծ ներկայացնել` աջակցելով ապրիլին ընդունուած պետական հակաժիհատական ծրագիրին:

Նշեալ օրէնքով կ՛արգիլուի արմատական շարժումներուն պատկանելու մէջ կասկածուող թէ՛ անչափահասներու, թէ՛ չափահաս քաղաքացիներու Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս գալը:

Արգելքը կ՛ընդգրկէ մինչեւ վեց ամսուան ժամանակ: Այդ ընթացքին կասկածեալ քաղաքացիներու անձագիրները կը գրաւուին կամ կը զրկուին օրէնքի ուժէն, իսկ օդանաւային ընկերութիւնները, որոնց կ՛արգիլուի ծառայութիւն մատուցել այդպիսի ճամբորդներուն, պիտի պարտաւորուին տեղեակ պահել ֆրանսական իշխանութիւնները տոմսերու ամրագրման փորձերուն մասին: Եթէ քաղաքացին ամէն պարագայի յաջողի լքել երկրին տարածքը, ապա անոր դէմ միջազգային հետախուզում պիտի յայտարարուի:

Ինչպէս նշած է ֆրանսացի նախարարը, այս բոլորին իբրեւ արդիւնք անհրաժեշտ է կազմաքանդել գործակալներու ցանցը, որ բաւական յաջող կերպով թեկնածուներ կը հաւաքէ` Սուրիոյ մէջ ժիհատականներու շարքերը համալրելու նպատակով:

Իսլամականները Ծրագրած Էին
Թուր Էյֆելն Ու Լուվրը Ականահարել

Մինչ իսլամականներու դէմ պայքարը ուժեղացնելու նպատակով վերոնշեալ օրէնքի որդեգրման մտադրութիւնը գոյութիւն ունի, ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի ներքին տեղեկահաւաքի ծառայութիւնը 20 յունիս 2013-ին ձերբակալած է ալճերիացի մսավաճառ մը, որ մեղսակից էր Փարիզի մէջ Թուր Էյֆելը, Լուվրը եւ մինչեւ իսկ հիւլէական կայան մը ականահարելու ծրագիրի մը:

Ապահովական մարմինները ծրագիրէն տեղեակ դարձած են, երբ հետեւած են հարաւային Ֆրանսայի Վոքլուզ շրջանին մէջ բնակող 29 տարեկան ալճերիացիին եւ «Իսլամական արեւմուտքի մէջ Քայիտա» խմբաւորումէն բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը միջեւ մէկ տարի տեւողութեամբ փոխանակուած ծածկագիր պատգամներուն:

Ապահովական մարմինները ամուսնացած եւ երկու զաւակներու հայր ալճերիացին ձերբակալած են գործողութեան գործադրութեան ժամկէտէն մէկ ամիս առաջ` նախքան «կրթութեան» եւ մարզումի համար Թունուզ, ապա Ալճերիա մեկնիլը:

 

Նախորդը

«Թեհրան Իւրանիոմի Մինչեւ 20 Առ Հարիւր Հարստացումին Պիտի Սկսի, Եթէ Վեցեակը Չհամաձայնի Իրանի Պայմաններուն» Կ՛ըսէ Պորուժերտի

Յաջորդը

Իսլամականները Իրաքի Մէջ Հիւլէական Նիւթեր Գրաւած Են

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.