Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

July 9, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0807GazaԻսրայէլեան բանակը երէկ Կազայի դէմ իր գործողութիւններուն թափ տուաւ, եւ անոր օդուժն ու ծովուժը քանի մը ժամուան ընթացքին արդէն 50 թիրախներ հարուածեցին` պատճառելով տասնեակներով զոհեր ու վիրաւորներ: Իսրայէլեան սեղմ նախարարաց խորհուրդը իր կարգին վաւերացուց 45 հազար իսրայէլացի պահեստի զինուորներ զօրակոչի ենթարկելու որոշում մը: Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մը նշեց, որ բանակը Կազայի մօտ սկսած է ուժեր կուտակել` առ ի պատրաստութիւն ներխուժում կատարելու:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդը բանակին ցուցմունք տուած է Կազայի դէմ իր գործողութիւններուն մէջ մագլցում արձանագրելու:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին զգուշացուց բնակարաններու ռմբակոծումէն` նշելով, որ Իսրայէլ անոր համար սուղ գին պիտի վճարէ: Համասի բանբեր Ֆաուզի Պարհում նշեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը թիրախներու ցանկ մը ունի եւ պատահական հակադարձութիւն չի կատարեր, այլ ընտրովի եւ ցաւցնող կերպով:

Իզզէտտին Քասսամ ջոկատները յայտարարեցին, որ իրենք տուներու ռմբակոծումը կարմիր գիծ կը նկատեն, եւ եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ապա պիտի ընդլայնեն բռնագրաւեալ տարածքներու ռմբակոծման շրջագիծը եւ պիտի հրթիռակոծեն Պիր Սապահը եւ հեռաւոր բնակեցման վայրերը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իր կարգին կոչ ուղղեց քաղաքական եւ մարտական գետնի վրայ միջպաղեստինեան միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ ներկայ հանգրուանի դիմակայման համար միջպաղեստինեան համակարգում եւ գործակցութիւն ցուցաբերելու:

Ան նաեւ Ֆաթհի ղեկավարութեան եւ պաղեստինեան բոլոր հատուածներուն կոչ ուղղեց պաշտպանելու միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութիւնը եւ պատմական պատասխանատուութեան տէր կանգնելով` ներկայ շրջադարձային հանգրուանին պաղեստինեան ազգային նպատակը պաշտպանելու:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 Իսրայէլի դէմ արձակուած են 70 հրթիռներ: Իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը յաջողած է անոնցմէ միայն 8-ն վնասազերծել:

Աւելի ուշ` Քասսամի ջոկատները յայտարարեցին, որ իրենց անդամներէն բաղկացած մասնայատուկ ուժ մը ծովու ճամբով ներխուժած է Աշքելոնի մէջ իսրայէլեան ծովուժին պատկանող ռազմակայան մը, ինչպէս նաեւ 10 հրթիռներով ռմբակոծած է Զայքիմ եւ Եաֆթահ ռազմակայանները: Քասսամ ջոկատներու բանբերը խոստացաւ գործողութիւնները ընդլայնել, եթէ Իսրայէլ Կազայի դէմ յարձակումները շարունակէ:

Իսրայէլեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Թել Աւիւի քաղաքականութիւնը անցած է գործելու արտակարգ դրութեան հիմամբ: Նախապէս իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ» հակահրթիռային համակարգը վնասազերծած էր Կազայէն Իսրայէլի մայրաքաղաքին վրայ արձակուած հրթիռ մը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակին հրամայեց Կազայի դէմ գործողութիւնները որակական ձեւով ընդլայնելու: Ան յայտարարեց. «Կազայի դէմ գործողութիւնը կրնայ երկար տեւել, մինչեւ ամբողջական հանդարտութեան իրագործումը»:

Մինչ Ուաշինկթըն եւ Պան Քի Մուն դատապարտեցին Կազայէն Իսրայէլի դէմ կատարուած հրթիռարձակումները` Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կոչ ուղղեց Կազայի դէմ գործողութիւնները դադրեցնելու եւ ինքնազսպում ցուցաբերելու, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կոչ ուղղեց` «անմիջապէս» դադրեցնելու Կազայի դէմ իր յարձակումը եւ «իր կիրարկած հաւաքական պատիժի քաղաքականութենէն հրաժարելու»:

 

Նախորդը

Իրան Ամբողջովին Պատրաստ Է Ստորագրելու Հիւլէական Ծրագիրի Շուրջ Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.