Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հարաւային Լիբանանի զանազան շրջանները, յատկապէս Սայտան, Իքլիմ Խարրուպը, Իքլիմ Թուֆֆահը, Շուֆը եւ Ժեզզինը ցնցուեցան երկրաշարժի իբրեւ հետեւանք:
4.1 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժը վախ յառաջացուց զայն զգացող բնակիչներուն մօտ:
Երկրաշարժին յետցնցումները զգացին նաեւ Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն բնակիչները:
Գիտական հետազօտութիւններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մույին Համզէ յայտնեց, որ նման երկրաշարժներու հարուածը կարելի չէ նախատեսել` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին այդ երկրաշարժին յետցնցումները կրնան արձանագրուիլ:
Համզէ յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Լիբանանը հարուածած երկրաշարժները թիւով 6-ն էին. անոնք սկսած էին 4.1 ռիխթըր աստիճանի ցնցումներէն եւ նուազած մինչեւ 3.6 եւ 3.2 ռիխթըր աստիճանի:
Համզէ ըսաւ, որ Լիբանանը հարուածած երկրաշարժներուն յետցնցումները պէտք է սպասել յաջորդ 72 ժամերուն ընթացքին:
Համզէ նաեւ աւելցուց, որ հին կառոյցներու կամ խախուտ պատեր ունեցող բնակարաններու կամ շէնքերու մէջ ապրող քաղաքացիները պէտք է նախազգուշութիւններու դիմեն:


