Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԱՒՐՈՎ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

July 9, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նալբանդեան եւ Լաւրով

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Հայաստանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Լաւրով նախագահ Սարգսեանի փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձը:

«Սերժ Սարգսեան հաստատած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրին մէջ իրական յառաջընթացի արձանագրումով իր շահագրգռուածութիւնը` յայտարարելով, որ ուշադրութեամբ պիտի ուսումնասիրէ ուղերձը եւ մօտիկ ապագային պիտի պատրաստէ իր պատասխանը», յայտարարեց Լաւրով:

«Մենք կ՛ուզենք, որ խնդիրը լուծուի եւ լուծուի այնպէս, որ մեր շրջանին մէջ իսկապէս հաստատուի վերջնական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն», հանդիպումին ընթացքին ըսած է նախագահ Սարգսեան: Լաւրով նշեց, որ Տմիթրի Մետվետեւ անկեղծօրէն շահագրգռուած է, որ այս հոլովոյթը յաջողութեամբ պսակուի, եւ վստահ է, որ համաձայնութեան գալու բոլոր պայմանները գոյութիւն ունին:

Նալբանդեան իր կարգին բարձր գնահատեց բանակցային հոլովոյթին մէջ միջնորդներու աջակցութիւնը: «Ճիշդ այս տպաւորութեամբ ալ մենք մեկնած էինք Քազան», ըսած է ան:

Ըստ Նալբանդեանի, բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրել կարելի է միայն այն պարագային, երբ Ազրպէյճան վերցնէ իր ներկայացուցած տասը պահանջները:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Երեւանէն մեկնեցաւ Պաքու:

ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին նոյնպէս փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձը:

«Ես ձեզի կը փոխանցեմ առաջարկները: Կ՛ակնկալեմ, որ ուսումնասիրելէ ետք դուք կ՛արձագանգէք այդ գաղափարներուն», Ազրպէյճանի նախագահին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ. «ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ
ՆԵՐՈՒԺԸ ՀԵՌՈՒ Է ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼԷ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի զարգացման տարբեր հանգրուաններուն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ցոյց տուաւ, որ իր ներուժը հեռու է օգտագործուած ըլլալէ:

«Համանախագահները կը ձգտին գործել պատասխանատուութեամբ եւ եռանդուն` Երեւանին եւ Պաքուին օգնելով հասնելու անհրաժեշտ համաձայնութիւններուն», Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վկայութեամբ` յայտնեց Լուքաշեւիչ:

Ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հաստատուած ձեւաչափը եւ համանախագահներու` ի դէմս Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի, գործունէութիւնը տագնապի կողմերը կը ճանչնան իբրեւ տագնապի աջակցութեան արդիւնաւէտ եւ բաւականաչափ գործունակ գործիք: Ըստ անոր, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի` Քազանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ ունեցած եռակողմանի հանդիպումը կարելիութիւն տուաւ ակնկալելու տեղաշարժ մը այդ բարդ հոլովոյթին մէջ, եւ որ կողմերը պիտի ընդունին լուծման հիմնարար սկզբունքները` բանակցութիւններու աւելի բարդ հանգրուանին անցնելու եւ խաղաղ համաձայնագիրի մշակման համար: «Ես կը կրկնեմ, որ խօսքը երկար տարիներու ընթացքին հաստատուած ձեւաչափի մասին է: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ստեղծման պատմութեան արմատները կը հասնին մինչեւ 90-ականներու սկիզբը», ընդգծեց Լուքաշեւիչ:

Յայտնենք, որ չորեքշաբթի օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մինսքի խմբակի ձեւաչափի փոփոխութեան աննպատակայարմարութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

 

 

Նախորդը

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ

Յաջորդը

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՍԿԱՆԱՅ, ՈՐ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԿԱՄՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ ԵՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄՈՎ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ» ՆՇԵՑ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.