Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլանտահայ Կազմակերպութիւնները Թուրք Ժխտողականներուն Դէմ Դատական Հարց Յարուցած Են

July 2, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0107Holland«Հայերն այսօր» կայքը կը հաղորդէ, որ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին վերաբերող գանգատ ներկայացուցած են Հոլանտայի դատական ատեաններուն: Հայցը ուղղուած է 1 յունիս 2014-ին Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած թրքական հաւաքի կազմակերպիչներուն, հռետորներուն եւ մասնակիցներու հակահայ հակազգային գործունէութեան դէմ: Հանրահաւաքը ուղղուած էր ընդդէմ Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սեփական հողամասին մէջ վերջերս տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին: Հանրահաւաքի ընթացքին, որուն մասնակցած են Հոլանտայի տարբեր քաղաքներէն եկած շուրջ երեք հազար մարդիկ, տարբեր արտայայտութիւններով հերքուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ցուցարարները նոյնպէս վանկարկած են հակահայ կարգախօսներ:

Ըստ համագործակցող հոլանտահայ կազմակերպութիւններուն, ոտնահարուած է հոլանտական քրէական օրէնսգիրքի 137-րդ յօդուածը` հայ ժողովուրդին դէմ խմբային զրպարտութիւն, խտրականութիւն եւ ատելութիւն հրահրելով:

Այդ հանրահաւաքին մասին Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարին, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարարին, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան ու արդարադատութեան նախարարին գրաւոր հարցումներ ներկայացուցած են հոլանտական խորհրդարանի երեսփոխաններ Փիթըր Օմզիկթ (Քրիստոնեայ դեմոկրատական կոչ), Հարի Վան Պոմել (Ընկերվարական կուսակցութիւն), Ժոել  Ֆորտեվինտ (Քրիստոնէական միութիւն), Քէյես Վան Տեր Սթայ (Բարեփոխուած քաղաքական կուսակցութիւն) եւ Ռէյմոնտ Տէ Ռոն(Ազատութեան համար կուսակցութիւն): Բացի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին վերաբերող հարցումներէն, այնտեղ կան նաեւ հանրահաւաքի կազմակերպման մասին հարցումներ, որովհետեւ ցրուած թռուցիկներէն ակնյայտ կը դառնայ դերը Թուրքիոյ «Տիանեթ» կրօնական հարցերով վարչութեան, որ նաեւ անվճար երթեւեկութեան միջոցներ տրամադրած է ցուցարարներուն:

Հոլանտայի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը միաձայնութեամբ ճանչցած է 2004-ին (Ռաուֆութի բանաձեւը):

 

 

Նախորդը

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Տաւութօղլու Խեղաթիւրած Է Պատմութիւնը

Յաջորդը

Տաւուշի Մարզին Մէջ Ազրպէյճանցիները Ներթափանցման Գործողութիւն Իրականացուցին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.