
Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան պաշտօնական յուղարկաւորութեամբ մը հողին յանձնեց նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի մարմինը:
Լիբանանեան պետութիւնը եռօրեայ սուգ հռչակեց 88-ամեայ նախկին վարչապետին մահուան սուգին առիթով:
Ռաշիտ Սոլհի դագաղը այն Թինէէն փոխադրուեցաւ Ուզահիի մզկիթ` ներքին ապահովութեան ուժերուն շեփորախումբին հնչեցուցած մահերգին նուագակցութեամբ:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կատարեց յուղարկաւորութիւնը, որմէ ետք Սոլհի մարմինը փոխադրուեցաւ ընտանեկան դամբարան:
Ռաշիտ Սոլհի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ զինուորականներ, ինչպէս նաեւ յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը:
Վարչապետ Սալամ Սոլհի մահը գուժեց` յայտնելով, որ ան լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ունեցած է անկիւնադարձային դերակատարութիւն, նպաստած է երկրին անկախութեան կերտումին եւ ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ երկրին բարգաւաճումին:


