Թրքական «Ուորլտ Պուլեթին» կայքը հաղորդեց, որ Խրիմի թաթարներու ղեկավար Մուսթաֆա Ժամիլեւ յայտնած է, որ Խրիմի թաթարները պիտի դիմեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, որովհետեւ Խրիմի մէջ իրենց իրաւունքները ոտնահարուած են:
«Խրիմի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանին պիտի փոխանցուին», ըսած է ան Սթրազպուրկի մէջ:
Ժամիլեւ յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբը եւ ԵԱՀԿ-ը պատրաստած են զեկուցումներ, որոնք Խրիմի մէջ մարդկային իրաւանց շարք մը խախտումներ կը ներկայացնեն:
«Խրիմի մէջ 16 մարտի հանրաքուէէն ետք, ռուսական իշխանութիւնները Խրիմի թաթարներուն վրայ ճնշում բանեցուցած են ընդունելու Ռուսիոյ քաղաքացիութիւնը», ըսած է Ժամիլեւ` աւելցնելով. «Եթէ Խրիմի թաթարներէն ոեւէ մէկը չընդունի Ռուսիոյ քաղաքացիութիւնը կամ մերժէ ռուսական անցագիրը, ան երեք ամիս ետք օտարահպատակ կը նկատուի»:


