Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

July 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Հաֆերն

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 13 յուլիսին պիտի քննարկէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած թեկնածուին պարագան:

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, որ «մենք արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բոլոր անդամներուն կոչ կ՛ուղղենք երեքշաբթի օր ներկայ գտնուելու լսումներուն եւ հարցումներ ուղղելու թեկնածու Ճոն Հաֆերնին` վերջինիս որակաւորումներուն եւ թեկնածութեան մասին: Յոյս ունինք, որ ծերակուտականները լիովին պիտի օգտագործեն լսումներու ժամանակ իրենց ընձեռուած կարելիութիւնը, որպէսզի բացատրութիւններ ստանան` կովկասեան շրջանին առնչուող շարք մը արտաքին քաղաքական հարցերու շուրջ Օպամայի վարչակազմի դիրքորոշման վերաբերեալ, որոնց շարքին են` ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծումը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդարացի լուծումը` ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման հիման վրայ, ինչպէս նաեւ հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման հարցը»:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ քննարկուելէ եւ յանձնախումբի հաւանութեան արժանանալէ ետք, Հաֆերնի թեկնածութիւնը պէտք է Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ վաւերացուի:

 

Նախորդը

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՆՅԱՊԱՂ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՄԱՆ

Յաջորդը

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՈՂՋՄԻՏ ԱՌԱՋԱՐԿ» Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.