ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 2013 թուականի հոկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած եւրոպահայութեան երրորդ համագումարէն ետք, որուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Եւրոպական խորհրդարանի ամպիոնէն ողջոյնի իր խօսքը ուղղեց, այս տարի` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը հոկտեմբեր 2014-ը կը յայտարարէ «Արցախի ամիս», Պելճիքայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Հայ դատի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցչութեանց հետ գործակցելով, իրականացնելու համար տարբեր ձեռնարկներ եւ ցուցադրութիւններ:
Հայաստանէն, Արցախէն եւ այլ վայրերէ արուեստագէտներու, մտաւորականներու ներկայութեամբ, ամբողջ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան գիրքի ներկայացումներ, գեղանկարչական եւ այլ ստեղծագործական ցուցադրութիւններ, շարժապատկերի ներկայացումներ: «Ղարաբաղեան զինադադարի քսանամեակին առիթով, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը շրջանային յանձնախումբերուն հետ, միջազգային հանրութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութեան կ՛ուզէ յանձնել, որ Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր կայացած ու ստեղծագործող պետութիւն մըն է, որուն հետ պարտին հաշուի նստիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումներ առաջարկող կողմերը: Յուլիսի աւարտին, համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեամբ, հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահենք ծրագրի մանրամասնութեանց մասին», կը նշէ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը:


