
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց եւ հարցաքննեց ահաբեկչական բջիջ մը, որուն մաս կը կազմէին Ուասիմ Քաս եւ անոր եղբայրները` Տանի եւ Ուիսամ, Ամժատ Խաթիպ եւ Նեպիլ Պայտա:
Բանակին կատարած հարցաքննութիւններուն համաձայն, ահաբեկչական այդ բջիջը կը ծրագրէր սպաննել հիւսիսային Լիբանանի ականաւոր սպաներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ կարգ մը պայթումներ գործել:
Բանակի գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, ահաբեկչական այս բջիջին անդամները մաս կը կազմեն «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ» ահաբեկչական խմբաւորումին, որ մարզուած է Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Ապրայի դեղարաններէն մէկուն մէջ ձերբակալեց նաեւ Ալի Ապտել Ռահիմ Ասիրը, որ Ահմետ Ասիրի հորեղբօրօրդին է:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ կազմակերպեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու քննիչներէն Ապտել Քերիմ Հոտրոժի յուղարկաւորութեան պաշտօնական արարողութիւնը, որ կատարուեցաւ Շայեահի «Ռաուտաթ Շահիտէյն» մզկիթին մէջ:
Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան մեծ թիւով պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` երեսփոխաններ Նաուաֆ Մուսաուի եւ Հանի Քպայսի, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Թայեունէի պայթումը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնականութեամբ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ` կանխարգիլելու համար երկրին ապահովական կայունութեան դէմ գործուող այս արարքները:


