
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց ալեւիներու հոգեոր պետ շէյխ Ասատ Ասին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ասի յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն էր ցաւակցութիւն յայտնել Զղարթայի քաղաքապետ Թուֆիք Մուաուատի մահուան առիթով, ինչպէս նաեւ Սլէյման Ֆրենժիէի հետ քննարկել շարք մը հարցեր:
Շէյխ Ասի նշեց, որ ինք Պնաշյիէն կը հաստատէ Ֆրենժիէի որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին շուրջ միասնականութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ ուղեգիծին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ դիմադրել շրջանին մէջ տիրող կասկածելի այլ ծրագիրներու:
Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ երկրին ապահովական կացութիւնը ոչ մէկ կապ ունի նախագահական ընտրութեան հետ:
Ֆրենժիէ նշեց, որ շրջանը հարուածող ծրագիրը հաւատադրժողական ծրագիր մըն է, եւ բոլոր քաղաքական կողմերը պէտք է ըլլան զգաստ եւ գիտակից, որովհետեւ շրջանին համար նոր աշխարհագրութիւն մը եւ ժողովրդագրական բաժանումը որոշողները շահերու վրայ հիմնուած են եւ խորքին մէջ անկրօն են, անբարոյ եւ անպարկեշտ:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ամբողջ շրջանը տարբեր մթնոլորտի մէջ կը գտնուի նկատի ունենալով ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան եւս անմասն չի մնար այս մթնոլորտէն` նկատի ունենալով, որ ան կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ:
Ֆրենժիէ ըսաւ, որ ինք այս մթնոլորտին մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անյարմար կը գտնէ` նկատի ունենալով, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը տակաւին անհամաձայն կը գտնուին: Ան շեշտեց, որ ինք կը քաջալերէ ներքին լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, «սակայն այս հանգրուանին անիկա ապարդիւն դուրս եկած է», յայտնեց ան:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելը ժողովրդավարական իրենց իրաւունքն է` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի Լիբանանի համար հզօր հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը կատարել: «Իսկ եթէ ոմանք շրջանային փոփոխութիւններու պիտի սպասեն եւ գրաւ պիտի դնեն Հըզպալլայի վրայ` հանրապետութեան նախագահ մը պարտադրելու, ապա պարտական դուրս պիտի գան», ըսաւ ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ եթէ այդ ընտրութիւնները կատարելու իմաստով համաձայնութիւն մը գոյանայ, ապա կարելի պիտի ըլլայ այդ ընտրութիւնները կատարել, ապա թէ ոչ խորհրդարանը դարձեալ պիտի երկարաձգէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը:


