Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յունիս 1964)

June 23, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլիի
Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարանի
Յաջողութիւնը

 

Այս տարի եւս մեծապէս հպարտ կը զգանք, Ազգային վարժարանի արձանագրած փայլուն յաջողութեամբ:

Հիւսիսային Լիբանանի պետական սերթիֆիքայի, մանաւանդ մանչերու քննութեան օրը, ժողովուրդը իրարանցումի մատնուած էր: Հարիւրաւոր վարժարաններու ուսուցչական կազմեր անակնկալի եկած, մեծապէս դժգոհ էին տրուած հարցումներուն սերթիֆիքայի մակարդակէն անհամեմատօրէն բարձր ըլլալուն պատճառով: Ամէն կողմ` բողոք: Պետական վարժարաններու աշակերտութեան մօտ յուսալքում տեսնելով, հակառակ տեղական լեզուին անոնց ընծայած առաւելութեան, եւ մանաւանդ մեր Ազգային վարժարանի աշակերտութեան չորս լեզուներով եւ յարակից դասերով ծանրաբեռնուած ըլլալու իրողութեան մասին մտածելով, մենք աւելի՛ սրտադողի մատնուեցանք: Անմի՛ջապէս հեռաձայնով հաղորդակցութեան մէջ մտանք Ազգային վարժարանի տնօրէն Սեդրակ Աֆարեանին հետ, որ, հակառակ մեր նախատեսութեան, ուրախ տրամադրութեամբ մեզ վստահեցուց, թէ երբեք մտահոգուելու չէինք, քանի որ իրենք ամէն դժուարութիւն նախատեսած ըլլալով, լաւագոյնս պատրաստած էին աշակերտները, եւ աւելցուց, թէ այս քննութիւնը յարմարագոյն առիթը պիտի ըլլար երեւան բերելու Ազգ. վարժարանին ուսումնական մակարդակին իսկակա՛ն չափանիշը:

Ուրբաթ, 19 յունիսի առաւօտեան թերթավաճառները ուրախ կանչերով աւետեցին արդիւնքներու յայտնութիւնը: Ներկայացուած 13 աշակերտներէն 11-ը յաջողած էին: Սեդա Գույումճեան, Անի Գալայճեան, Սոնա Թաւլեան, Վիոլէթ Պալիկեան, Գէորգ Մանկեան, Արա Ահարոնեան, Վաչէ Խարմանտայեան, Ղեւոնդ Յովսէփեան, Տիգրան Խաչերեան, Աւագ Կէօզիւմեան եւ Եսայի Չաթալպաշեան: Իսկ յաջողագոյններէն Զօհրապ Պոյաճեան, թիւի դժբախտ թիւրիմացութեան մը զոհ գացած էր, ընդհանուրին ցաւ պատճառելով:

Հիւսիսային Լիբանանի արձանագրած ընդհանուր յաջողութեանը 45 առ հարիւրը չէր անցներ, մինչ Ազգային վարժարանինը` 90 առ հարիւր էր, առաջնակարգ տեղ մը գրաւելով հիւսիսային Լիբանանի ընդհ. վարժարաններու դասաւորման մէջ: Իսկապէս հպարտառիթ յաջողութիւն:

Այս ուրախ առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորենք տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, իր տարած ներդաշնակ եւ տքնաջան աշխատանքին համար, որ կրցած է բարձրացնել Ազգային վարժարանը նախանձելի դիրքի մը եւ կը մաղթենք, որ նո՛յն ոգիով շարունակէ իր աշխատանքը, աւելի՛ փայլուն յաջողութեանց հեռանկարներու մտասեւեռումով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԸ

 

Եգիպտահայ Լուրեր

Յունիս 13, շաբաթ երեկոյ Գահիրէի «Յուսաբեր»-ի թատերասրահին մէջ հոծ ու ընտիր բազմութեան մը ներկայութեան բեմադրուած է Լ. Շանթի «Եսի մարդը» թատերախաղը:

Այս օրերուն, երբ գաղութս ամէն մարզի մէջ հետզհետէ կը պարպուի իր գործուն ու փորձառու ուժերէն, իսկապէս քաջութիւն է Շանթի նման թատերագիրի մը գործերը բեմադրել ու այդ մասին մտածելն իսկ:

Այս իմաստով` շնորհաւորելի են «Յուսաբեր»-ի Մշակութային ընկերակցութիւնը, թատերախումբի անդամները եւ Լեւոն Յովհաննէսեան, որ բեմադրիչն ու մղիչ ուժն էր ներկայացումին:

Յունիս 14-ին ՀՄԸՄ-Արարատի Հելիոպոլսոյ դաշտին վրայ տեղի ունեցած է պասքեթի բարեկամական մրցում մը` կազմակերպիչներու եւ Հելլէնիքի խումբերուն միջեւ: Մրցումը եղած է շատ հետաքրքրական եւ վերջացած է ի նպաստ Արարատի 69-62 արդիւնքով:

Մրցումէն վերջ «Յուսաբեր» ակումբի սիւնագաւիթին մէջ տեղի ունեցած է ընտանեկան խրախճանք եւ պար, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-Արարատի վարչութիւնն ու անդամները հրաժեշտ առած են իրենց երկարամեայ վաստակաւոր մարզիչ Գրիգոր Նիզիպլեանէն:

– Լոյս տեսաւ Յակոբ Պարոնեանի «Երկերի հաւաքածուին» երկրորդ հատորը, որ կը բովանդակէ երգիծաբանին «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ», «Մեծապատիւ մուրացկանները», «Քաղաքավարութեան վնասները» գործերը: Հատորը ունի ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու բառարան եւ բառարան մըն ալ բառերու: Հաւաքածոն պիտի բաղկանայ տասը հատորներէ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սիմոնը Ե՞ս Սպաննեցի (Ողբերգութիւն)

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.