Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ «Այտըն» համալսարանը, Կարսի մէջ տեղի ունեցող «Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան միջազգային օրեր» կոչուած ձեռնարկի ծիրին մէջ, պատմական Անի մայրաքաղաքին մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կազմակերպած է:
Ըստ կայքին, ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տարբեր ազգերու աւանդական հագուստներ, որոնք պատրաստուած էին համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն կողմէ:
Ձեռնարկին մասնակցած են Կարս նահանգի գործադիր իշխանութեան եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Թրքական «Էլ Թըրքի» ամսագիրը իր դեկտեմբեր 2011-ի թիւին մէջ տպագրած էր Անիի մէջ նորաձեւութեան այլ ցուցադրութեան մը լուսանկարները:


