Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Քարիւղի Մեծագոյն Հանքին Շուրջ Բախումները Կը Շարունակուին

June 20, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1906IraqԻրաքեան կառավարական ուժերը եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը շարունակեն երկրին քարիւղի մեծագոյն հանքին` Պայիժիի վերահսկողութեան համար ճակատամարտը: Իրաքեան բանակէն բանբեր մը յայտնեց, որ բանակը յաջողած է ետ մղել զինեալներուն իրերայաջորդ յարձակումները: Ան հերքեց, որ քարիւղի հանքը գրաւուած է, սակայն կարգ մը աշխատաւորներ յայտնեցին, որ զինեալները գրաւած են անոր մեծամասնութիւնը եւ կառավարական ուժերը կեդրոնացած են հանքի աշխատանքի կառավարման սենեակին շուրջ:

Երկրին սպառած վառելանիւթի մեծամասնութիւնը մատակարարող հանքին շուրջ ընթացող ճակատամարտը յառաջացուցած է այն մտավախութիւնը, որ Իրաք շուտով կրնայ վառելանիւթի պակաս եւ ելեկտրականութեան անջատումներ դիմագրաւել:

Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Քերքուքի հարաւը գտնուող Պայշիր գիւղը գրաւած են` սպաննելէ ետք 13 ոստիկաններ եւ փեշմերկաներ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի համար Իրաքի մէջ բոլոր ընտրանքները տակաւին սեղանի վրայ են, բացի ցամաքային ուժերու օգտագործումէն: Ան նշեց, որ Ուաշինկթընին հետաքրքրողը Իրաքի ժողովուրդն է եւ ոչ թէ վարչապետ Նուրի Մալիքին:

Քերրի դարձեալ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ հաղորդակցութեամբ հետաքրքրուած են, սակայն Իրաքի շուրջ տեղեկութիւններու փոխանակման համար եւ ոչ թէ միասին աշխատելու համար:

Մինչ այդ, «քոմերսանթ» հաղորդեց, որ ամերիկեան օդուժի օդանաւեր սկսած են Իրաքի տարածքին վերեւ հետախուզական թռիչքներ կատարել: «Էֆ-18» տիպի կործանիչները Արաբական ծոցին մէջ գտնուող «Ճորճ Պուշ» օդանաւակիրէն թռիչքներ կը կատարեն:

Փենթակոնի մէջ աղբիւր մը ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին յայտնած է, որ այդ թռիչքներուն նպատակներէն մէկը Իրաքի մէջ տիրող կացութեան միջամտելու Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը ցուցադրելն է: Սակայն ամերիկեան հրամանատարութիւնը ընդգծած է. «Կարեւորը ոչ միայն տեսնելն է, այլ նաեւ` տեսնուած ըլլալը»:

Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի զգուշացուց, որ ամերիկեան բանակը տակաւին գործի լծուելու համար բաւարար տեղեկութիւն չունի: Ան քոնկրեսական ունկնդրութեան մը ընթացքին ընդգծեց, որ օդուժի օդաչուները դժուարութիւն պիտի ունենան ճշդելու, թէ որո՛ւն կը հարուածեն:

 

 

Նախորդը

Սպանիոյ Նոր Թագաւորին Երդման Արարողութիւնը Կատարուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.