Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան Քննարկած Են Իրաքեան Կացութիւնը

June 18, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1706iraqԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ Վեցեակի բանակցութիւններուն ծիրին մէջ քննարկած են Իրաքի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը այս կապակցութեամբ ըսած է, որ իրենք պատրաստ են համագործակցելու իրանցիներուն հետ, այնպէս, ինչպէս կ՛ընեն շրջանի միւս երկիրներուն հետ` ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցած սպառնալիքները կանխարգիլելու համար: Ներկայացուցիչը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Իրանի հետ համագործակցութիւնը իր մէջ պիտի չներառէ զինուորական գործողութիւններու համակարգում, ինչպէս նաեւ Իրաքի ապագային վերաբերող ռազմավարական որոշումներու քննարկում:

«Պի.Պի.Սի.» իր կարգին` յղում կատարելով «Եահու Նիուզ»-ի հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հարցազրոյցին, կը հաղորդէ, որ վերջինս չէ բացառած Իրանի հետ զինուորական համագործակցութեան կարելիութիւնը` Իրաքի մէջ կացութեան վատթարացման լոյսին տակ, ուր, ըստ անոր, անհրաժեշտ է սանձել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու գործունէութիւնը:

Քերրի յայտարարած է, որ իր երկիրը կրնայ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցնել իսլամականներու դիրքերուն:

Փենթակոնը յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական հաւանական գործողութեանց շուրջ Իրանի հետ որեւէ համակարգումի ծրագիր չկայ` աւելցնելով, որ Իրանի հետ Իրաքի կացութեան շուրջ քննարկում կրնայ տեղի ունենալ, սակայն ոչ զինուորական համակարգում:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի իր կարգին հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն Պաղտատ պիտի ուղարկէ 275 զինուոր` Պաղտատի մէջ իր դեսպանատան անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Միւս կողմէ, Իրաքի կառավարութիւնը Սէուտական Արաբիան պատասխանատու նկատեց «ահաբեկչական կազմակերպութեանց» ստացած նիւթական աջակցութեան համար: Կառավարութիւնը նշեց, որ Իրաքի իրադարձութեանց նկատմամբ Ռիատի կեցուածքը «ահաբեկչութեան նկատմամբ հանդուրժողականութիւն մը» ցոյց կու տայ, իսկ սէուտական լրատուամիջոցներուն կողմէ ահաբեկիչները «ըմբոստներ» անուանելը վերջիններուս գործած ոճիրները օրինականացնելու փորձ մըն է: Պաղտատ Ռիատի յորդորեց իր ներքին հարցերով զբաղիլ եւ իր երկրին մէջ լուսանցքայնացում ու մեկուսացում չկիրարկել:

Նշենք, որ իրաքեան ուժերը երէկ յաջողեցան Պաղտատէն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պաաքուպայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մէկ յարձակումը ետ մղել:

Նշենք նաեւ, որ Թուրքիա երէկ ապահովական պատճառներով Պասրայի մէջ իր հիւպատոսարանը դատարկեց: Աւելի կանուխ Իրաքի մէջ Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ դեսպանները երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով հեռացան Իրաքէն:

 

 

Նախորդը

Քիւրտերը Իրաքի Մէջ Հանրաքուէ Կը Պահանջեն

Յաջորդը

Թուրքիա Ձերբակալած Է Սուրիոյ Մէջ Կռիւի Մասնակից Ազրպէյճանցի Զինեալներ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.