Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Հարցով. Պաքուի Մէջ Թեժ Բանավէճ` Հայ Եւ Ազրպէյճանցի Խորհրդարանականներուն Միջեւ

June 17, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Koryun-Nahapetyan,-Tevan-PoghosyanՊաքուի մէջ տեղի ունեցող ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի «Ռոզ-Ռոթ» սեմինարին մասնակցելու համար հայկական պատուիրակութիւնը Ազրպէյճան մեկնեցաւ` պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեանի գլխաւորութեամբ: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ազրպէյճանցի պատգամաւորներուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով ելոյթներու ժամանակ հայ պատգամաւորները առարկած են եւ խանգարած են Վեհաժողովի աշխատանքները: «Ազրպէյճանցի պատգամաւորները, հաւատարիմ մնալով իրենց երկրին նախայարձակ քաղաքականութեան, յայտարարութիւններ կատարած են «բռնագրաւուած» հողերու վերադարձի, Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» մասին, ինչ որ յառաջացուցած է հայ պատգամաւորներու դժգոհութիւնը: Կորիւն Նահապետեան իր ելոյթին մէջ պնդած է, որ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է ներգրաւուած ըլլան ոչ միայն Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը: Ան ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթութիւնը: Ազրպէյճանցի պատգամաւորները պատասխանած են, որ եթէ Հայաստան իսկապէս կը ձգտի անոր, ապա մէկ կողմ թող քաշուի, եւ Ազրպէյճան ինքը այդ հարցը պիտի լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ: Պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան առաջարկած է ծանօթանալ ՄԱԿ-ի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով 4 բանաձեւերուն, որմէ ետք Հայաստանը նախայարձակ կոչել:

Վեհաժողովի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզայի ելոյթը գայթակղութեան պատճառ դարձած է: Քննարկման ընթացքին Պրայզա յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները տակաւին չեն յաջողած փոխադարձ վստահութեան անհրաժեշտ մակարդակի հասնիլ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ փոխադարձ զիջումներու հասնելու համար: Ըստ Պրայզայի, թէեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը երկար տարիներ ջանքեր գործադրեց տագնապի լուծման ուղղութեամբ, սակայն խնդիրը տակաւին լուծուած չէ: Ան նշած է, որ անհրաժեշտ է աշխատանքը շարունակել` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման զինուորական ճամբու կիրարկումը նուազեցնելու համար: Ան կողմերուն կոչ ուղղած է համաձայնութեան ընդհանուր գիծերու հասնելու: Հայկական պատուիրակութիւնը ողջունած է Պրայզայի ելոյթը: Պատուիրակութեան ղեկավարը իր ելոյթին մէջ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է արձակազէնները հեռացնելու շփման գիծէն: Ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամ Գուղրաթ Հասանկուլիեւ, իր կարգին խստիւ քննադատած է Պրայզան եւ հայերը: Ան Պրայզային յիշեցուցած է, որ հայերը դէմ էին իր դեսպան ըլլալուն միայն այն պատճառով, որ կինը ազգութեամբ թուրք է: Թեւան Պօղոսեան իր ելոյթին ընթացքին հարց բարձրացուցած է Ռամիլ Սաֆարովի մասին:

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը տեղեկացուց, որ այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան խումբ մը ազրպէյճանցի գործիչներ բողոքի ցոյց կազմակերպած են ընդդէմ հայ պատգամաւորներու Պաքու կատարած այցելութեան: Ցոյցը տեղի ունեցած է «Ֆոր սիսընզ» պանդոկին առջեւ, ուր կը մնային հայ պատգամաւորները: Ոստիկանութիւնը ցրուած է ցոյցի մասնակիցները եւ խլած է անոնց պաստառները:

Նախորդը

Հայերը Սպիտակ Տան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կազմակերպեցին` Օպամայէն Պահանջելով Դադրեցնել Հալէպահայերուն Դէմ Յարձակումները

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.