Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիեւի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատան Վրայէն Վար Առած Են Ռուսական Դրօշը

June 16, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1606Russian-embassy-KievՌուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քիեւի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դիմաց հաւաքուած բողոքի ցոյցի մասնակիցները դեսպանատան դրօշափայտէն վար առած են ռուսական դրօշը, ապա յայտարարած են, որ դրօշը պիտի ուղարկեն Սլավիանսք:

Ցուցարարները ջարդած են ռուս դիւանագէտներու ինքնաշարժները, իսկ անոնցմէ փրցուած մասերը պարիսպի վրայէն կը նետեն դեսպանատան տարածք:

Ուքրանացի ոստիկանները ձեռնածալ մնացած են:

Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին շուրջ 200 բնակիչ շաբաթ օր հաւաքուած է Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ, երբ յայտնի դարձած է լուրը ուքրանացի 49 անկարգելաւորներու մահուան, որոնց օդանաւը ռուսամէտ զինեալներուն կողմէ Լուկանսքի մէջ վար առնուած էր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիան ծայրայեղ կերպով վրդոված է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դէմ կատարուած սադրիչ քայլերով:

«Ռուսական կողմը պահանջած է ուքրանական կողմէն` ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները` ապահովելու Քիեւի մէջ ռուս դիւանագէտներու անվտանգութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով իր կարգին ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ անընդունելի է ուքրանական իշխանութիւններու անգործութիւնը այն ատեն, երբ Քիեւի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յարձակումի ենթարկուած է:

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Անտրէյ Տեշչիցա յայտնած է, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու դադրեցման հարցը չի քննարկուիր, ատիկա ծայրայեղ միջոց է:

«Դիւանագիտական յարաբերութիւններու դադրեցումը պիտի ըլլայ վերջին կէտը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Մենք պէտք է գտնենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները: Եթէ մենք խզենք դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ապա չենք կրնար լուծել հարցերը մեր այն մարդոց, որոնք կը գտնուին Ռուսիոյ մէջ», յայտարարած է Տեշչիցա:

 

Նախորդը

Ենթակառոյցներու Վերականգնում` Իբրեւ Վերադարձի Նախապատրաստութիւն

Յաջորդը

Իսրայէլ Այսրյորդանանի Մէջ 80 Պաղեստինցիներ Ձերբակալեց

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.