«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Մաթիա Տէ Սքիկլիօ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Անգլիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Դ. խմբակ):
Տէ Սքիկլիօ մկանային հարց մը ունեցաւ իր կազմին կատարած փորձերուն ընթացքին, յայտնեց Իտալիոյ բժիշկը` Էնրիքօ Քասթելաքքի:


