Երէկ Թրիփոլիի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ վերակառուցուած Սալամ մզկիթին, որ պայթումի ենթարկուած էր օգոստոս 2013-ին:
Բացումին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նախկին նախարար Խալետ Քապպանի, երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա, հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Մզկիթին պաշտօնական բացումէն ետք, միւֆթի Շաար շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած էր վերակառուցել պայթումի թիրախ դարձած մզկիթը: Ան նշեց, որ ահաբեկչութիւնը պիտի չհարուածէ իրենց կամքը եւ ողջունեց ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, որ կրցաւ բացայայտել այդ պայթումը գործող պատասխանատուները:
Իր կարգին, Միքաթի ընդգծեց մզկիթին դէմ ահաբեկչութիւնը գործող յանցագործները պատժելու եւ հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ Թրիփոլիի Սալամ եւ Թաքուա մզկիթներուն պայթումի թիրախ դառնալէն ետք իրենք դժուար հանգրուան մը դիմագրաւած են:
Իր կարգին, Աշրաֆ Ռիֆի ընդգծեց, որ այդ մզկիթները պայթեցնելու նպատակն էր Թրիփոլին Լիբանանի պատմութեան մեծագոյն ահաբեկչութեան ենթարկել: «Սակայն մենք տեղեկահաւաքի բաժանմունքին օժանդակութեամբ կրցած ենք ձերբակալել յանցագործներէն ոմանք, իսկ մնացեալը ծանօթ են իրենց անուններով: Հետեւաբար կը հաստատենք, որ անոնց հետապնդումը պիտի կատարուի, իսկ մզկիթներուն պայթումներուն թղթածրարը պիտի փոխանցուի Արդարութեան խորհուրդին` նկատի ունենալով 70 հազար քաղաքացիներուն կազմակերպած ստորագրահաւաքը, որ կը պահանջէ այդ մէկը», ըսաւ ան:


