Պաղեստինեան աղբիւրներ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի հինգշաբթի օր Լոնտոնի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է պաղեստինեան արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքիի հետ:
Աղբիւրները նշած են, որ Լիվնի հեռաձայնային կապի մէջ է շարք մը պաղեստինցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ` ընդհանուր տեղեկահաւաքի ղեկավար Մաժետ Ֆարաժի եւ աւագ բանագնաց Սայեպ Օրէյքաթի հետ:


