Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 14, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆԱՇՐԱ» կայքը հաղորդեց, որ երէկ երեկոյեան Նապաայի շրջանին մէջ միջադէպ մը տեղի ունեցաւ սուրիացիներու եւ շրջանէն բնակիչներու միջեւ: Կրակոցներուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուեցան երկու վիրաւորներ: Բանակը անմիջապէս ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց շրջանին մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ երկու շաբաթէ ի վեր կը գտնուի Մարոք, պիտի ուղղուի Ֆրանսա, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն առիթով շարք մը հանդիպումներ ունենալու: Կը նախատեսուի, որ Փարիզի մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունենայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը խանգարեն երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը եւ կ՛արգիլեն հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը փորձէ օրէնսդրական նիստին ձախողութեան պատասխանատու նկատել Մուսթաքպալ պլոքը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ գրեթէ վստահ է, թէ ոչ ոք պիտի կարենայ խանգարել կառավարութեան աշխատանքներուն ընթացքը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական իրավիճակը մտահոգիչ չէ` աւելցնելով սակայն, որ անհրաժեշտ է յաւելեալ ճիգեր թափել լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն ընթացքին կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք գործելաոճը բնորոշող մեքանիզմին վաւերացումը մօտիկ ապագային պիտի իրականանայ:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ կալուածներու ընդհանուր տնօրէն շէյխ Հիշամ Խալիֆէ յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան միւֆթիի ընտրութեան հրաւիրած է` յանձնառու մնալու համար օրէնքին եւ կանոններուն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը վերջինին օժանդակելու փոխարէն վնասած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ Պքերքէ ոչ մէկ նախագահական թեկնածուի անուն պիտի ներկայացնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը դիւրին չէ, որովհետեւ լիբանանեան կուսակցութիւններուն միջեւ երկփեղկումը քաղաքական բնոյթ ունի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, թէ նախագահական թեկնածութեան առումով երեսփոխան Ֆարիտ Խազենի անունը շրջանառութեան մէջ դրուած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս այս հանգրուանին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը փափաքի խոչընդոտել լիբանանեան պետական որեւէ աշխատանք` ի պատասխան նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մերժումին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի արտերկրի կառոյցներու նախագահ Միշել Էտտէ յայտնեց, որ այդ կառոյցները մնայուն կերպով պիտի քաջալերեն երեսփոխանները` հանրապետութեան նախագահ ընտրելու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ամէն բանի շուրջ համաձայն են, իսկ սէյիտ Նասրալլայի նախագահական ընտրութեան թեկնածուն զօր. Աունն է:

«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, Ռապիէի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէին յայտնած է, թէ ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն չի վստահիր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ պատերազմին միջամտութիւնը պատճառ դարձած է, որ ահաբեկչութիւնը փոխադրուի Լիբանան:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ալի Քանսոյի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Իրաքի մէջ տիրող այսօրուան իրադարձութիւնները Լիբանանի մէջ պիտի պատահէին, եթէ Հըզպալլա Սուրիոյ դէպքերուն չմիջամտէր:

 

Նախորդը

Լիվնի Լոնտոնի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Ամրապնդելու Ներքին Լիբանանեան Իրավիճակը` Նախագահական Ընտրութիւնը Արագացնելու Ընդմէջէն

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։