Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւնը ազդակ մըն է` դուրս գալու նախագահական ընտրութեան դատարկ օղակէն: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է համախոհութիւն գոյացնել լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հասարակ յայտարարները վայելող համախոհական թեկնածուի մը շուրջ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք երեսփոխան Հանրի Հըլուի թեկնածութիւնը առաջադրած է, որովհետեւ զայն համախոհական, երկխօսութեան հաւատացող եւ չափաւորական կը գտնէ: «Մենք Հըլուի թեկնածութեան կառչած կը մնանք, եւ անիկա մեր ժողովրդավարական իրաւունքն ու սկզբունքն է», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանի նստաշրջանի երկարաձգումին մասին հարցումի մը` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ինք կը նախընտրէր, որ «Սլէյման վերընտրուի եւ ոչ թէ անոր պաշտօնավարութիւնը վեցէն եօթը ամիսով երկարաձգուի, որովհետեւ այդպիսով վարկաբեկած կ՛ըլլայինք թէ՛ լիբանանցիները եւ թէ՛ Սլէյմանը»:
Պատասխանելով երեսփոխանական ընտրութիւնները նախագահական ընտրութենէն առաջ կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ատիկա պիտի ըլլայ նախընթաց մը, որ ողջունելի չէ: «Նախընտրաբար նոր նախագահին ինքնութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացուի, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի արդի ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել», ըսաւ ան:
Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքը զինուորականի մը կամ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին ի նպաստ Հանրի Հըլուի թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ:
Նախագահական աթոռին թափուր մնալուն պարագային կառավարութեան ստանձնելիք ամբողջական գործունէութեան մասին խօսելով Ժոմպլաթ ըսաւ, որ անիկա բնական է` աւելցնելով, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ կառավարութեան աշխատանքը արգելակել:
Ժոմպլաթ դրուատեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի գործունէութիւնը` յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն գծով անոր որդեգրած քայլերուն առումով:


