Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

10 Յունիս 1909. Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ Հայ Մամուլի Յառաջապահ «Ազատամարտ»-ի Առաջին Թիւը

June 11, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն.

10 յունիսին կը նշենք օրհնաբեր ծնունդը Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթին:

105 տարի առաջ, 10 յունիս 1909-ին Պոլսոյ մէջ իր հրատարակութիւնը սկսաւ «Ազատամարտ» անունով թերթ մը:

Իր առաջին թիւերէն իսկ, «Ազատամարտ» յորդեցաւ ու գլեց-անցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները: Աւելի ճշգրիտ` անմիջապէս դարձաւ ամբողջական եւ լիարժէք մարմնաւորումը հայ թերթի:

Օսմանեան սահմանադրութիւնը նոր հռչակուած էր: Պոլիսը արագօրէն կը վերագտնէր հայ մտքի եւ ստեղծագործ հոգիի եռուն հաւաքավայրի իր կենսունակութիւնն ու ազատութիւնը: 1890-ականներու երկրորդ կիսուն Համիտեան գրաքննութենէն, հետապնդումներէն եւ հալածանքներէն ազատելու համար Պոլիսէն հեռացած հայ մտաւորականութիւնը անմիջապէս վերադարձած էր ու ամիսներու ընթացքին, նորովի թափով, հայկական Պոլսոյ վերադարձուցած էր իր շէնշող աշխուժութիւնը:

Անդին` հայոց աշխարհին պարտադրուած երկատման գիծին միւս` Արեւելահայաստանի կողմը, մոլեգնած էր Ցարական յետադիմութիւնը եւ անցած էր հայ ազգային ու յեղափոխական սերուցքին դէմ հակայարձակման` բիրտ հարուածի տակ առնելով արեւելահայ զարթօնքի կենարար օճախ Թիֆլիսը:

Մինչ 1900-ականներու սկզբնաւորութեան սուլթանական ճնշումներէն խոյս տուած արեւմտահայ միտքը իր առջեւ բաց գտած էր հայկական Թիֆլիսը, ժամանակի դառն ու հեգնական խաղով, 1908-էն սկսեալ, հայկական Պոլիսը ի՛նք այս անգամ լայն ասպարէզ կը բանար ցարական հաշուեյարդարէն խոյս տուող արեւելահայ մտքին առջեւ:

Թիֆլիսը, 1905-ի ռուսական Ա. յեղափոխութեան յառաջացուցած ազատութեանց ալիքէն օգտուելով, արագօրէն իր վրայ կեդրոնացուցած էր հայ ազգային-ազատագրական պայքարի բովին մէջ հասակ նետած եւ թրծուած հայ յեղափոխական, յատկապէս դաշնակցական մտաւորականութեան կենսունակ ուժերը:

1906-ին, ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, լոյս տեսաւ «Յառաջ» օրաթերթը, որ անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի կամ թիֆլիսեան անկուսակցական մամուլի էջերուն հռչակի տիրացած հեղինակաւոր գրողները` Աւետիս Ահարոնեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գարեգին Խաժակ, Յոնան Դաւթեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս Եուսուֆեան, Միքայէլ Վարանդեան, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ: «Յառաջ» իր հրատարակութիւնը անխափան շարունակեց մինչեւ 1909-ի ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ: Իսկ այնուհետեւ, «Հորիզոն» անուանափոխուելով, անկուսակցական թերթի պաշտօնական կարգավիճակով շարունակեց իր հրատարակութիւնը մինչեւ 1918:

Արեւմտահայ ճակատին վրայ եւ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին խստացող գրաքննութեան անշնչելի մթնոլորտին մէջ, Վանէն մինչեւ Տրապիզոն եւ Իզմիրէն մինչեւ Սոֆիա ու Պալքաններ, դաշնակցական տեղական մարմիններու եւ գործիչներու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած էին բազում թերթեր, որոնք սակայն սահմանափակ տարածում եւ հասողութիւն ունէին` դաստիարակչական եւ քարոզչական որոշ ներգործութիւն ունենալով հանդերձ:

Ազգային-քաղաքական զարգացումներու այդ խորապատկերին վրայ կը տեղաւորուի ծնունդը «Ազատամարտ»-ին:

Անոր հրատարակութեան ձեռնարկելու որոշումը տուաւ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոն: 10 յունիս 1909-ին լոյս տեսաւ «Ազատամարտ»-ի առաջին համարը եւ անմիջապէս ոչ միայն շարժեց ընթերցող լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը, այլեւ` դարձաւ ժամադրավայրը ատենի հայ մտաւորականութեան ամէնէն վաւերական դէմքերուն:

Ռուբէն Զարդարեանի վստահուեցաւ «Ազատամարտ»-ի արտօնատէր-խմբագրապետի պատասխանատուութիւնը: Խմբագրական մարմինին մաս կազմեցին Շաւարշ Միսաքեան, Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Յակոբ Ճ. Սիրունի (Ճօլօլեան), Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան), Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձում Համբարձումեան, Ռուբէն Դարբինեան, Ներսէս Փափազեան, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեռնեան), Լեւոն Աղապապեան, Լեւոն Մոզեան եւ ուրիշներ: Շատ աւելի ընդգրկուն եղաւ շրջանակը «Ազատամարտ»-ի մնայուն աշխատակիցներուն, որոնց շարքին իրենց կարեւոր տեղը ունեցան Սիմոն Զաւարեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի ու Յակոբ Օշականի, Գարեգին Խաժակի եւ Ռուբէն Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Կոստան Զարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Զապէլ Եսայեանի, Լեւոն Շանթի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի տարողութեամբ վաւերական ու մեծանուն դէմքեր:

Արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտքի ու գրչի այդ ատենի հսկաները, փաստօրէն, իրարու քով բերաւ եւ միացուց դաշնակցական ոգին` ոչ այնքան ու միայն իբրեւ կուսակցական պատկանելիութիւն, որքան իբրեւ հայ մտքի եւ հոգիի ազատ ու անկաշկանդ թռիչքին թափ տալու յանձնառութիւն եւ գաղափարապաշտ նուիրում:

Թէեւ հազիւ վեց տարի ապրեցաւ «Ազատամարտ»-ը եւ փակուեցաւ 24 ապրիլ 1915-ին, այսուհանդերձ` անոր հրատարակութեան կարճատեւ շրջանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի «Ազատամարտ»-ը նոր հորիզոններ բանայ ընդհանրապէս հայ մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական պաշտօնաթերթերու արդէն բազմանդամ ընտանիքին առջեւ:

«Ազատամարտ» դարձաւ իր ժամանակի ամէնէն տարածուն օրաթերթը` մինչեւ 12 հազար տպաքանակի արժանանալով:

Եղաւ արեւմտահայ հրապարակագրական լեզուի գեղարուեստական մշակման ախոյեանը:

Ստեղծեց արժանահաւատ լրատուութեան, թղթակցութեան եւ իրազեկման կենսունակ ոճ:

Ազգային-քաղաքական առաջնորդող խօսքի դրօշակակիր դարձաւ ու գաղափարական արժէքներու եւ սկզբունքներու անկաշառ պաշտպանութեան, ինքնահաւատարմութեան ու պատասխանատու քննադատութեան աւանդութիւն մշակեց:

Ընդառաջեց հայ ընթերցողի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններուն` անոնց բաւարարման կողքին նախանձախնդիր ըլլալով, որ բարձրացնէ միջին ընթերցողին լեզուամտածողութեան եւ մշակութային-գեղարուեստական ճաշակին մակարդակը:

«Ազատամարտ» ուղի հարթեց նաեւ իր յաւելուածներով, որոնք յատկապէս գրական-մշակութային մարզերուն մէջ իրենց խրախուսած նորարարութիւններով, Պոլսոյ հայ իրականութեան սահմաններէն շատ անդին անցան եւ թափ տուին հայ մտքի համընդհանուր թռիչքին ու ճառագայթումին: Այդպիսի՛ն եղաւ յատկապէս գրական յաւելուածը, որ նաեւ իբրեւ առանձնատիպ լոյս տեսաւ «Բագին» անունով եւ իր 73 համարներով կազմեց «Ազատամարտի սերունդ»-ին փառքի դափնեպսակը:

Թէեւ թրքական իշխանութեանց ձեռնարկած ցեղասպանութեան մեծ ոճիրին առաջին զոհերէն եղաւ «Ազատամարտ»-ը, որուն հրատարակութիւնը խափանուեցաւ 24 ապրիլ 1915-ին, բայց Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1918-ին, ան վերահրատարակուեցաւ նախ «Արդարամարտ», ապա` «Արիամարտ» եւ «Ճակատամարտ» անուններով, թրքական գրաքննութեան կաշկանդումներէն խուսափելով, մինչեւ որ հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջնականապէս արգիլեցին անոր հրատարակութիւնը:

Աւելի քան հարիւր տարի անցած է «Ազատամարտ»-ի ծնունդէն ասդին, բայց ոչ միայն դաշնակցական մամուլի, այլեւ ընդհանրապէս հայ մտքի եւ գրիչի հետագայ թռիչքներուն մէջ միշտ ալ ոգեշնչման աղբիւր կը մնայ «Ազատամարտի սերունդ»-ին անզուգական խմբագրապետին` Ռուբէն Զարդարեանի պատգամը, որ առաւելագոյն խտութեամբ հանդիսադրուած է «Բագինին փառաբանութիւնը» խորագրուած անոր կուռ հրապարակումին մէջ.

«Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը, որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տուաւ մեզի: … Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ… Դարերու նախատինքն ու ամօթն է, որ կը հրդեհենք:

«Բարձրագլուխ ու անյողդողդ` կանգնած ենք մահուան դէմ` մեր ահաւոր ցաւին հետ, որ մեր փառքն է միանգամայն, եւ հպարտութիւնն ունինք պատմութեանն աւանդելու դիւցազնութեանց ամէնէն սխրալին, հպարտութիւնն ունինք հետագայ դեռ տառապող մարդկութեան փոխանցելու ազատութեան ամէնէն հզօր սարսուռները»:

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Յունաստանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանին Խայտառակ Հարցազրոյցին Առիթով

Յաջորդը

Քեսապի Հայաթափումը – Ահազանգի Ղօղանջներ. 3. Հաւաքական Մեր Ուժին Զինանոցը Լուրջ Կարիք Ունի Նորացման Եւ Հզօրացման

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.