Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յունաստանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանին Խայտառակ Հարցազրոյցին Առիթով

June 11, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ.

AZADOR_MustafayevՆոր չէ անշուշտ խայտառակ ոճն ու ապատեղեկատուութիւնը, որ կը փորձէ կատարել Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւ «Թօ Վիմա» թերթին տուած իր հարցազրոյցին ընդմէջէն: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին քանի մը առիթներով ականատես դարձանք ազրպէյճանական քարոզչական ծաւալուն արշաւին, որ կը փորձէ մթնոլորտ ստեղծել Յունաստանի մէջ` ի տես յոյն¬ազերի «սիրաբանութեան» շարունակութեան, որ սկսաւ կազի խողովակաշարի կնքման համաձայնութենէն ետք:

Ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ, որ վերջին տարիներուն Ազրպէյճան ամբողջ քարոզչամեքենայ մը ի գործ դրած է բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր հայկական զօրաւոր ներկայութիւն կայ, հակահայ ապատեղեկատուութեան ճակատներ բանալով:

Այս քարոզչամեքենան կը բանի տարբեր¬տարբեր ձեւերով:

Հոս, Յունաստանի մէջ, մեծ զարկ կը տրուի Ազրպէյճանը ներկայացնելու որպէս քաղաքակիրթ ու մշակոյթի սիրահար երկիր, դասական համերգներու կազմակերպումով (որոնք, ի դէպ, կը հովանաւորուին բարեսիրական շատ ծանօթ հաստատութիւններու կողմէ, մարդասիրական ծրագիրներու պիտակին տակ): Ինչ կը վերաբերի մամուլի դաշտին, դժուար չէ կռահել, թէ հոն մանաւանդ` ամբողջ զինանոց մը տրամադրուած է, մամուլի լման ակումբներու օգտագործումով, որ սուտով ու կեղծիքով արցախեան հարցին էութիւնը կը խեղաթիւրեն, ամէն պատեհ առիթով:

Բոլոր այս առիթներուն մէջ Հայաստանը իբրեւ  նախայարձակ կը ներկայացուի, «որ գրաւած կը պահէ ազերիական դարաւոր պատմական հողերը»… իսկ ազերի թուրքը «անմեղ զոհ»-ն է, որ միջազգային ընտանիքի գուրգուրանքին պէտք է արժանանայ… Բայց իրապէս, ո՞ր խուլ ու համր մարդոց կրնայ ուղղուած ըլլալ նման քարոզչութիւն, երբ նոյն պահուն Ազրպէյճանի նախագահը կը յոխորտայ իր երկրի սպառազինման համար ծախսուած միլիառներուն համար եւ իր սպառնալիքները անամօթաբար կը պարտադրէ լոպիինկի շրջանակներուն մէջ:

Ինչպէս ըսինք, նորութիւն չէ ազերիական ապատեղկատուութեան արշաւը, բայց կրնանք ըսել, որ վերջերս ստացած է յարձակողական բնոյթ, օգտուելով յոյն¬ազերիական  յարաբերութիւններու «բարձր մակարդակէն» եւ Յունաստանը տագնապեցնող սեփական խնդիրներէն, որոնք նոր, աժան մշակոյթ մը պարտադրած են երկրին: Իսկ Ազրպէյճանի մշակոյթը արիւնաթաթախ կացինն է, որ երբեք չենք  կրնար մոռնալ, մարդասպանին ներում շնորհել եւ ազգային հերոս կոչելն է…

Այս վտանգաւոր վիճակին առաջքը առնելու համար հարկ է մնալ զգօն, որովհետեւ քարոզչական պատերազմին մէջ չկայ «արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ» խօսքին վրայ ապաւինելու հանգիստ զգացումը, այլ լուրջ սպառնալիքներ են նոր սերունդներու այլափոխուած դաստիարակութեամբ հրամցուող նոր պատմութիւնն ու պարտադրուած իրավիճակները:

Միջազգային հանրային կարծիքը իրազեկելու, լուսաբանելու եւ ճշմարտութիւնը ամէն տեղ բացագանչելու պարտադրանքին տակ ենք: Չի բաւեր միայն պաշտպանողական դիրքերէ հանդէս գալ, այլ պէտք է որ Հայաստանի պետութիւնը, սփիւռքի կազմակերպութիւնները, բոլորը միասնաբար ու համակարգուած ձեւով գործակցին` մշակուած քաղաքականութեամբ ընթանալու եւ պարտութեան մատնելու համար ազերիական սուտն ու կեղծիքը:

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը` «Վարձկան Զինուորի» Աչքերով

Յաջորդը

10 Յունիս 1909. Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ Հայ Մամուլի Յառաջապահ «Ազատամարտ»-ի Առաջին Թիւը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.