Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Այսօր Կը Սկսի Ընդհանուր Եւ Ամբողջական Գործադուլի Մը

June 9, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0806gharibՊատասխանելով կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի կատարած յայտարարութիւններուն` Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց կրթութեան նախարարը պետական քննութիւնները առանց ուսուցիչներուն կատարելէ:

«Պետական վկայականը իւրաքանչիւր աշակերտի իրաւունքն է, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք այդ վկայականով խաղալ», շեշտեց խորհուրդը:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ պետական քննութիւնները պայմանագիր ստորագրած ուսուցիչներուն ճամբով կատարելու նպատակն է քննութիւնները իրենց պետական որակաւորումէն դուրս բերել:

Ղարիպ շեշտեց, որ իրենք իրենց պահանջներէն անշեղ պիտի մնան եւ պիտի մերժեն խտրութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն վաւերացնելու պետական ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները:

Ղարիպ հաստատեց, որ այսօր, 9 յունիս 2014-ը պիտի ըլլայ ըմբոստացման օր մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ վաղը` երեքշաբթի, 10 յունիս:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր ուսուցիչներուն` այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին մարդկային հոսք մը ապահովելու դէպի կրթութեան նախարարութիւն:

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ պետական քննութիւնները պիտի չկատարուին առանց ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու, «իսկ աննախընթաց պետական քննութիւններ կատարելու ծրագիրները մերժելի են», ըսաւ ան:

Իր կարգին, պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար կոչ ուղղեց պետական բոլոր պաշտօնեաներուն` մասնակցելու Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի յայտարարած բոլոր շարժումներուն:

Ան շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող այս իրավիճակին պատասխանատուն ան է, որ նախորդ 18 տարիներուն ընթացքին իշխած է երկրին:

Երէկ երեկոյեան Պու Սաապ ընդգծեց, որ պետական քննութիւնները այս տարի աւելի քան բարձր համեմատութեամբ պիտի կատարուին: Ան ըսաւ, որ ոչ ոք կը նպատակադրէ այս քննութիւնները իրենց պետական պարունակէն պարպել եւ անձնական բնոյթ տալ անոնց:

«Քննութիւնները կազմակերպելու կամ չկազմակերպելու որոշումը կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան սեփականութիւնն է», շեշտեց Պու Սաապ:

Նշենք, որ Պու Սաապ շաբաթ օր ընդգծած էր, թէ պետական քննութիւնները պիտի սկսին հինգշաբթի, 12 յունիս 2014-ին, նոյնիսկ եթէ անոնք իրենց ձեւին մէջ աննախընթաց ըլլան:

Պու Սաապ շեշտեց նաեւ, որ ինք երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ հաղորդակցութիւններ ունեցած է եւ անոնց քաջալերած մասնակցելու խորհրդարանի  վաղուան օրէնսդրական նիստին եւ վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ պետական քննութիւններուն հսկողութիւնը կարելի է որեւէ ձեւով ապահովել, մինչդեռ պատասխանատու ուսուցիչներ նշեցին, որ այդ քննութիւններուն հսկողութիւնը եւ քննութիւնները ստանձնող ուսուցիչները փորձառու եւ արհեստավարժ անձնաւորութիւններ են, որոնք շարք մը վարժողական սեմինարներու հետեւած են:

Պու Սաապ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը պիտի մասնակցի երեքշաբթի օրուան նիստին` մաղթելով, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները իրենց մասնակցութիւնը ապահովեն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր իր կարգին հաստատեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքը իր կարգին պիտի մասնակցի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:

 

 

Նախորդը

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Լիբանան Կատարած Երկօրեայ Պաշտօնական Այցելութիւնը

Յաջորդը

Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Դատապարտելու Հալէպի Վրայ Կատարուած Յարձակումները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.