ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Սուրիա իր ժողովուրդին, բանակին եւ նախագահին միասնականութեամբ աշխարհին փաստած է, թէ ինք աւելի հզօր է, քան իրեն դէմ հիւսուած դաւադրութիւնները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքը իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւններուն համապատասխան կ՛ընթանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց սուրիական սահմանին վրայ հիմնելու սուրիացի գաղթականներուն յատուկ գաղթակայաններ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ այսօրուան նախագահական ընտրութեան նիստը պիտի ունենայ նախորդներուն ճակատագիրը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ուղղած պատգամը յստակ էր. «Կա՛մ զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրել եւ կա՛մ ուղղուիլ դէպի եռեակ դրութիւն»:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համար իսկական մարտահրաւէր մը կը նկատուի:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու ընդգծեց, որ Իրան պէտք է արաբ ժողովուրդին բարեկամը ըլլայ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը միայն Իսրայէլի շահերուն կը ծառայէ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եամմին շեշտեց, որ շրջանային իրավիճակն է, որ կը հասցնէ համախոհական նախագահին, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կ՛օգտուի տիրող կացութենէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները ապահովելու համար ստեղծուած նիւթական բացը պիտի ազդէ նաեւ պետական պիւտճէին վրայ:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատու անդամ Խալիլ Համտան կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ վերջ տալու նախագահական աթոռի թափուր մնալուն:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շարունակել լիբանանեան ներքին կայունութեան պահպանումը եւ հիմնուիլ Դիմադրութեան կերտած նուաճումներուն վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք պիտի չընդունին, որ Լիբանան առանց հանրապետութեան նախագահի մնայ` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու նպատակով:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ մէջ ուրբաթ գիշեր անծանօթներ առեւանգած են եգիպտացի քաղաքացի մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ եթէ երեքշաբթի, 10 յունիսի օրէնսդրական նիստը յաջողցնելու կամքը գոյանայ, ապա իրենք պիտի ըլլան խորհրդարան ժամանող առաջին երեսփոխանները:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Լիբանանի մէջ քննարկած է Լիբանանի պատկանող քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեան վերաբերող հարցեր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման զգուշացուց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկրորդ անգամ երկարաձգելու քայլէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց խորհրդարանի աշխատանքը չխոչընդոտելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մնայուն կերպով կը փորձէ իրենց հաւադրժողականներու սեւ զգեստը հագցնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է մասնակցին նախագահական ընտրութեան նիստին եւ ընտրեն այն նախագահը, որ յարմար կը գտնեն:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսապէս յոգնած վիճակի մէջ է` սուրիացի գաղթականներուն գոյութեան պատճառով:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն կեցուածքը, թէ նախագահական ընտրութեան պարագային պէտք է ընտրել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը կամ ոչ ոք, խիստ մերժելի է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով կարգ մը երեսփոխաններէ, կը հաստատէ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդգծած են ուսուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ քրիստոնեաները ոչ մէկ շահ ունին սիւննի-շիի տագնապի մնացորդացին վրայ ապրելէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի թեւը ներքին պառակտումներու դէմ յանդիման կը գտնուի:
ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆեհմի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը ցնցումներու ենթակայ է:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը արդիւնք է ներքին եւ արտաքին ջանքերու համադրումին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան իրաւասութիւններուն շուրջ համախոհութիւն կարելի պիտի ըլլայ գոյացնել:


