Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը ՄԱԿ-ի Մէջ Դէմ Քուէարկած Է Վրաստանի Բանաձեւին

June 7, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0606UN5 յունիսին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանին ընթացքին 69 թեր, 13 դէմ եւ 79 ձեռնպահ ձայնով որդեգրուած է Վրաստանի նախաձեռնած «Աբխազիայէն(Վրաստան) եւ Ցխինվալիի շրջանէն/Հարաւային Օսեթիա(Վրաստան) ներքին տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու կարգավիճակի մասին» բանաձեւը: Հայաստանը, ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ եւս դէմ քուէարկած է նշեալ բանաձեւին: Դէմ քուէարկողներու շարքին են նաեւ Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Քուպան, Լաոսը, Միանմարը, Նուսրուն, Նիքարակուան, Հիւսիսային Քորէան, Սրիլանքան, Սուրիան, Սուտանը եւ Վիեթնամը:

Բանաձեւը կը քննադատէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ ժողովրդագրական բռնի փոփոխութիւնները եւ Ռուսիոյ կողմէ այդ տարածքներուն անկախ ճանչցուիլը:

Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի գաղթականներու` իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը` անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն եւ անոնց կալուածներու իրաւունքը յարգելով:

Փաստաթուղթը կոչ կ՛ուղղէ Ժընեւեան բանակցութիւններուն մասնակիցներուն աշխուժացնելու ջանքերը կայուն խաղաղութեան կառուցման, անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու այդ տարածքներուն մէջ մարդկային իրաւունքները յարգելու, անվտանգութեան պատշաճ պայմանները յարգելու ուղղութեամբ եւ այլն: Ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ եւս բանաձեւը կը բովանդակէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած կոչ` մշակելու ներքին տեղահանուածներու եւ գաղթականներու վերադարձի ժամանակացոյց մը:

Պարտադիր բնոյթ չունեցող այս բանաձեւը առաջին անգամ քուէարկութեան դրուած է 2008-ին: Օրին անիկա կը վերաբերէր միայն Աբխազիոյ: 5 յունիսին, բանաձեւը որդեգրուած է արդէն եօթներորդ անգամ ըլլալով:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բանաձեւին թեր քուէարկած երկիրներուն շնորհակալութիւն յայտնած է:

«Ուրախ ենք, որ բանաձեւին կողմ քուէարկած երկիրներու թիւը անցեալ տարուան համեմատ աւելցած է: Ատիկա կը նշանակէ, որ միջազգային հանրութիւնը աւելի յստակ կերպով կը գիտակցի բռնագրաւուած տարածքներէն ներքին տեղահանուածներու հիմնական իրաւունքներու կարեւորութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցի մը մէջ մեկնաբանելով Հայաստանի քուէարկութիւնը նշեց, որ ասիկա առաջին տարին չէ, երբ Հայաստան համանման բանաձեւին դէմ կը քուէարկէ:

 

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Եւ Ֆրանսայի Դեսպանները Տեսակցեցան Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նամակը` Քեթրին Էշթընին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.