Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՐԺԷՔԻՆ

July 6, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրայր Թովմասեան

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, որ մասնագիտութեամբ սահմանադրագէտ է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր բոլոր քննադատութիւններով հանդերձ` 1995-ի սահմանադրութիւնը յաջողեցաւ ամրագրել այն իսկական փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ:

«Մենք խորհրդային տիպի պետութենէն մինչեւ 1995 թուականը մեր օրէնքներով անցում կը կատարէինք, բայց անոնց մարմնաւորումը եւ ամբողջականացումը տեղի ունեցաւ 1995 թուականի սահմանադրութեամբ, երբ սահմանադրութեան մակարդակին վրայ ամրագրուեցան պետութեան կառավարման, պետութեան կառուցման, պետութեան հիմքին մէջ դրուած այնպիսի սկզբունքներ, ինչպէս` իրաւական պետութիւնը, ընկերային պետութիւնը, ժողովրդավարական պետութիւնը: Այսինքն, այս առումով սահմանադրութիւնը իր դերը կատարեց տակաւին 1995 թուականին», ընդգծեց Հրայր Թովմասեան:

Ան աւելցուց, որ պետականութեան բացակայութիւնը, սահմանադրագիտութեան այն մակարդակը, այն աստիճանը, որ կար, իրենց հետքը ձգեցին 1995-ի սահմանադրութեան վրայ. այս կացութիւնը կարելի եղաւ փոխել տասը տարի ետք միայն` հաշուի առնելով արդէն իսկ սեփական փորձը եւ հաշուի առնելով զարգացման այն միտումները եւ այն սխալները, բացերը, որոնք նախընթաց տարիներուն եղած են. 2005-ի սահմանադրական փոփոխութիւնները  յաջողեցան որոշակի շտկումներ, ուղղումներ մտցնել սահմանադրութեան մէջ:

Ըստ Հրայր Թովմասեանի, այս փոփոխութիւններով շարքային քաղաքացիներուն եւս կարելիութիւն կը տրուի դիմել Սահմանադրական դատարան:

Արդարադատութեան նախարարը ասիկա նկատեց յառաջընթաց քայլերէն մէկը, որովհետեւ նախորդ տարիներուն` 1996 թուականէն սկսեալ, երբ սկսաւ գործել Սահմանադրական դատարանը, ընդամէնը երեք թէ չորս օրէնքներու սահմանադրականութիւնը քննած էր մինչեւ 2005, իսկ այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ անոնց թիւը արդէն 100-ը կ՛անցնէր, իսկ դիմող ենթակաները բաւական շատ են եւ իւրաքանչիւր սովորական քաղաքացի կրնայ զգալ Սահմանադրական դատարանի դերը` իբրեւ սահմանադրութեան պահապան:

Ըստ Հրայր Թովմասեանի, 2005-ի սահմանադրական փոփոխութիւնները կարելի է բաժնել քանի մը խումբերու:

Ան նշեց, որ նախ եւ առաջ էականօրէն ընդլայնած է մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու շրջանակը եւ անոնք, ըստ էութեան, գրեթէ ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտին:

Ըստ անոր, երկրորդ խումբը հետեւեալն է. իշխանութեան համակարգին մէջ անձնակեդրոն համակարգէն դէպի հաւասարակշռուած զսպումներու եւ հակակշիռներու մեքանիզմներու բազմակողմանի համակարգ անցումն է, որուն դրսեւորումներն էին այնպիսի հասկացողութիւններ, ինչպէս` նախագահին կողմէ խորհրդարանը լուծարելու բացարձակ իրաւունքի վերացումը, նախագահին կողմէ Արդարադատութեան խորհուրդը ղեկավարելը, կառավարութեան նիստեր հրաւիրելը եւ վարելը, կառավարութեան բոլոր որոշումները ստորագրելը: Թովմասեան ընդգծեց, որ այս լիազօրութիւնները այլեւս չկան եւ հակակշռելով զանոնք, էականօրէն մեծցաւ կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի դերը: Այսինքն, այս փոփոխութիւնները եւս պէտք է դիտարկել իբրեւ դրական փոփոխութիւն:

«Եւ վերջապէս, եթէ փորձենք այդ շարքը շարունակել, արդէն տեղական ինքնակառավարման մակարդակին վրայ գոյութիւն ունեցող փոփոխութիւններն էին, որոնց իբրեւ արդիւնք Երեւան այսօր ունի թէ՛ իր աւագանին, թէ՛ ունի իր միասնական ընտրուած քաղաքապետը», եզրափակեց արդարադատութեան նախարարը:

 

Նախորդը

ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ. «ՀԵՏԱԳԱՅ ՁԳՁԳՈՒՄԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ԴՆԷ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.