Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլուի Բացատրութիւնները` Հայկական Պնդումները Դիմագրաւելու Առնչութեամբ

May 31, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3005Davutoglu«Մարմարա» կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ Պոլսոյ անկախ երեսփոխան Իհսան Պարութճուի գրաւոր հարցումին պատասխանելով բացատրած է, որ իր ղեկավարած նախարարութեան պաշտօնեաներուն մօտ ինչպիսի՛ աշխատանք կը կատարուի «1915-ի դէպքերուն առնչակից հայկական պնդումներուն դէմ»:

Տաւութօղլու դիտել տուած է, որ  այդ կապակցութեամբ շարունակ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կը տրուին նախարարութեան պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ այլ մարմիններու շահագրգիռ անդամներուն: Այս տեղեկութիւնները կը տրուին արտաքին գործոց նախարարութեան շրջագիծին մէջ գործող Դիւանագիտական ակադեմիային միջնորդութեամբ: Նախարարութիւնը շատ մօտէն կը հետեւի նաեւ գործունէութեանը «պետական յանձնաժողովին», որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տակ 2011-ին հիմնուեցաւ եւ որ կը գործէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ամէնուրեք տարածելու նպատակով:

Տաւութօղլու դիտել տուած է, որ այս նպատակով կարիքը կայ ռազմավարութեան մը, որ դիւանագիտական մարզէն մինչեւ իրաւական մարզ, ժողովրդական դիւանագիտութենէն մինչեւ ակադեմական դիւանագիտութիւն, թրքական սփիւռքն ալ ներառեալ, պիտի գործադրուի ներդաշնակ ու համընթաց աշխատանքով:

Տաւութօղլու յիշեցուցած է, որ զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութեան բանաձեւերը պարտաւորիչ հանգամանք չունին Թուրքիոյ համար, բայց եւ այնպէս` նախարարութիւնը ամէն աշխատանք կը տանի այս  ճանաչումները կանխարգիլելու համար: Նախարարը յիշեցուցած է նաեւ, որ վարչապետ Էրտողանի 23 ապրիլի ցաւակցական պատգամը եւս նոյն ռազմավարութիւնը կը ցոլացնէ: «Այս պատգամը, փոխանակ պատմութենէն թշնամութիւն ձեռք բերելու, զգացումները իրարու հետ բաժնելու եւ մարդասիրական կեցուածք ցուցաբերելու վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր եւ կը ցոլացնէր ուրիշին տառապանքը մորթին վրայ զգալու հրամայականը: Բայց եւ այնպէս վարչապետ Էրտողան նոյն պատգամին մէջ վերանորոգած էր պատմաբաններու հասարակաց յանձնախումբ մը կազմելու Թուրքիոյ առաջարկը», ընդգծած է Տաւութօղլու:

Տաւութօղլու վերջապէս ըսած է, որ 1915-ի պատահարներուն մասին ամբողջ աշխարհին կողմէ ընդունուած տեսութիւն մը չկայ եւ միջազգային ոչ մէկ դատարան մինչեւ այսօր 1915-ը որակած է ցեղասպանութիւն:

 

Նախորդը

Աբխազիոյ Նախագահը Կը Մերժէ Հեռանալ Պաշտօնէն

Յաջորդը

Ֆիուլէ Կը Զօրակցի Ուքրանիոյ, Վրաստանի Եւ Մոլտաւիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Տրամադրման

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.