Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» հայկական բջիջային ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ 2011 տարուան Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնի գլխաւոր հովանաւորն է:
Յիշեցնենք, որ նախորդ ամիս հայկական ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն հովանաւորն է:


