Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան ապահովական ուժերը յաջողած են հիւսիսարեւմտեան Իրանի մէջ գտնուող Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգի Մահապատ քաղաքին մէջ կազմալուծել ահաբեկչական բջիջ մը, որուն անդամներէն երեքը ձերբակալուած են:
Լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ նշեալ ահաբեկչական բջիջը 22 սեպտեմբեր 2010-ին կատարած էր ականահարում մը` թիրախ դարձնելով կիներ եւ մանուկներ, որոնք ներկայ գտնուած էին Մահապատ քաղաքի թաղամասերէն մէկուն մէջ զինեալ ուժերու տողանցքը դիտելու: Ականահարումին պատճառով արձանագրուած էր 12 զոհ եւ աւելի քան 40 վիրաւոր:


