Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

July 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային հարցերը, որոնց ծիրին մէջ հաստատուեցաւ ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ ամբողջական գործակցութիւնը` վերջ դնելու համար Լիբանանի պետական գանձարկղի նիւթական բացին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող Պանդոկներու սեփականատէրերու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար շեշտեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ մինչեւ օրս Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութիւնը ոչ մէկ ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է զբօսաշրջութեան մարզին վրայ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող թղթածրարին հետ պիտի վարուի այնպէս, ինչպէս պիտի վարուէր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարուան Խէյրէտտինի նախարար նշանակումը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի որոշումով կարելի պիտի ըլլայ իրագործել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան յայտնեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին խօսք պահանջող երեսփոխաններուն թիւը հասած է 30-ի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել «Տիար» օրաթերթին յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած բերման գիրերը ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ պիտի գործադրուին, սակայն գաղտնաբար եւ անակնկալ ժամկէտով: «Ամբաստանեալները չգտնելու պարագային, ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պիտի պահէ դատական իշխանութիւնները», ըսաւ Շարպել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Միջազգային դատական ատեանի մը կողմէ նախնական ամբաստանութիւն մը կ՛արձակուի «մասնավճար»ով եւ յատուկ ժամանակներու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի եւ ջուրի մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ իր նախատեսութեամբ` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի չընդունին երկխօսութիւնը, ընդհակառակն` անոնք պիտի շարունակեն մնալ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ անցեալ շաբաթավերջին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ բացայայտուած փաստաթուղթերը Դիմադրութեան ունեցած կարեւոր փաստաթուղթերուն մէկ փոքր բաժինն են միայն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ երկրին ներկայ կացութեան հետ պէտք է վարուիլ պատասխանատուութեամբ եւ վստահելով լիբանանցիներուն գիտակցութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը անցեալ շաբաթավերջին նիստ մը գումարած է` նախագահութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի: Նիստին ընթացքին շեշտուած է ինքնազսպումի ենթարկուելու կարեւորութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին իրենց արտասանելիք խօսքերուն մէջ յարձակումը պիտի կեդրոնացնեն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անձին դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կազմ ու պատրաստ կը սպասեն` ձախողեցնելու համար կառավարութիւնը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԵՐԻՒՐԱՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՊԵԼՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻՆ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.