Մեկնաբանելով ազրպէյճանական կողմին տարածած այն տեղեկատուութիւնը, որ հայ զինուորները կը հրդեհեն ազրպէյճանական դաշտերը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը յայտարարեց, որ բանակի ստորաբաժանումները այսպիսի քայլերու չեն դիմեր, քանի որ ատիկա անյարիր է անոնց: Ղարաբաղի բանակին առջեւ կայ լրիւ ուրիշ խնդիր եւ ղարաբաղեան զօրքերը բարեխղճօրէն կ՛իրականացնեն եւ պիտի իրականացնեն այդ խնդիրը:
Բանակը նաեւ հաղորդեց, որ Ազրպէյճան իւրաքանչիւր տարի, այս նոյն ժամանակաշրջանին մէջ «նոյն երգը կ՛երգէ»` աւելցնելով, որ ղարաբաղեան կողմը ընդհանրապէս այդ հրդեհներուն հետ կապ չունի:


