Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ Սթիւ Ուորըն յայտարարեց, որ Փենթակոնը հիւսիսային Ափրիկէի իրադարձութիւններուն նկատմամբ մտահոգութեանց պատճառով ժամանակաւորապէս 200 նաւազ փոխադրած է Սիկիլիա` «այդպիսով ամրապնդելով որեւէ տագնապի հակադարձելու Միացեալ Նահանգներու կարողութիւնը»:
Գնդապետ Ուորըն յայտնած է, որ իրենք այդ քայլին դիմած են իբրեւ անմիջական միջոցառում, որովհետեւ կը կարծեն, որ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ապահովական կացութիւնը կը վատթարանայ եւ կրնայ հասնիլ այնպիսի կէտի մը, որ «սպառնալիքներ կրնան գոյանալ»:
Ան մերժեց իր նշած սպառնալիքներուն բնոյթին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն հաղորդել:


