ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզ պիտի հրաւիրեն հետաքրքրական ճամբորդութեան մը: Ընդունեցէք: Առիթ պիտի ունենաք ծանօթանալու ոչ միայն գեղեցիկ վայրերու, այլեւ` նոր եւ հաճելի դէմքերու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Զօրացուցէք ձեր ինքնութիւնը, ուրիշներուն հարցերը կարեւոր մի՛ նկատէք: Հարկ է նախ ձեր անձին մասին մտածէք, ետքը` ուրիշներուն մասին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դժուարութիւն պիտի ունենաք աշխատելու պաշտօնակիցներու հետ, որոնցմէ ամէն մէկը տարբեր տեսակէտ կ՛ունենայ նոյն հարցին եւ գործին շուրջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Չափ մը դրէք ձեր գործունէութեան, հեւքոտ աշխատանքին, որպէսզի ձեր առողջութիւնը չտկարանայ: Լաւ քնացէք եւ հանգստացէք, երաժշտութիւն ունկնդրեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի ձեռնարկէք ձեր տան յարդարանքը փոխելու նոր կարասիներով կամ այլ կարգի փոփոխութիւններով: Այսպիսով, նոր տեսք կ՛ունենայ ձեր բնակարանը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք նախընտրութիւններ եւ նախասիրութիւններ, որոնք միշտ ալ հաճելի չեն. կը զղջաք: Փոխեցէք ձեր միտքը` նախքան ուշ ըլլալը: Յարմարեցէք օրուան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ օրերու եւ հաճելի պատահարներու վերաբերեալ լուսանկարներ ունեցէք, որպէսզի այդ անմոռանալի պահերը միշտ յիշուին եւ անցնին պատմութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ նորութիւններ կը նշմարուին հորիզոնին վրայ: Հետեւեցէք օրուան կացութեան եւ կատարեցէք այն, ինչ որ պէտք է ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր երկինքը պիտի պայծառանայ, պիտի կարենաք ձեր որոշումները իրագործել ամենայն յաջողութեամբ: Այսուհանդերձ, մնացէք խոնարհ, մի՛ պարծենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ունիք եռանդուն գործունէութիւն, պիտի կարենաք կատարել ձեզի յանձնուած պարտականութիւնները: Օրը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ, գոհացուցիչ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր սիրելի մէկ բարեկամը պիտի ունենայ կարեւոր յաջողութիւն մը, աստիճանի բարձրացում, որուն ի տես` շատ պիտի ուրախանաք անկեղծութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր եղէք ձեր աշխատանքին մէջ` անտեղի դիտողութիւններ կատարելու կամ հակառակը, կրնաք դուք ենթարկուիլ դիտողութեան: Լուռ եղէք:
