«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ պիտի լքէ իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը:
35 տարեկան Ֆերտինանտ 2002-ին Լիծ Եունայթըտէն ժամանած էր «Օլտ Թրեֆորտ»` փոխան 49 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Ան իր ակումբին հետ կատարած է 454 մրցում` նշանակելով 8 կոլ:
Ֆերտինանտ ցարդ չէ որոշած, որ յառաջիկային ո՛ր ակումբին մաս պիտի կազմէ:


