
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն առումով առիթ տրուեցաւ երեսփոխանական յանձնախումբին ուսումնասիրելու զայն, կարելի եղածին չափ բարձրացնելու անոր շուրջ համախոհութեան համեմատութիւնը եւ ոչ թէ հակառակը կատարելու:
Քանաան հաստատեց, որ պէտք է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն շնորհել իրենց արդար իրաւունքը` պահպանելով նուազագոյն հաւասարակշռութիւնն ու բարեկարգումը:
«Եթէ իսկական բարեկարգումի հանգրուան մուտք չգործենք, ապա պիտի շարունակենք դառնալ նիւթական պարտաւորութեան օղակին մէջ: Մենք չենք փափաքիր խորհրդարանի վաղուան օրէնսդրական նիստին ընթացքին համեստ դասակարգին վրայ տուրքեր պարտադրել: Բանակի զինուորներուն իրաւունքներուն առումով կատարուած նուազումը պէտք է սրբագրել», ըսաւ ան:
Քանաան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահը ընտրելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին ընթացքին` աւելցնելով, որ պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կը սպաննէ ժողովրդավարութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Ս. Հողեր այցելութեան մասին Քանաան յայտնեց, որ եկեղեցական կանոնները կը ստիպեն հոգեւոր պետերուն կատարելու հովուապետական այցելութիւններ, եւ այդ այցելութիւնները կատարելու թէ չկատարելու մասին ոչ ոք իրաւունք ունի կարծիք տալու:
Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:


