Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպի երէկ զոյգ նստացոյցեր կատարեց տեղեկատուութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն դիմաց եւ ընդգծեց, որ այսօր պետական հաստատութիւններու բոլոր պաշտօնեաները պէտք է մասնակցին ժողովրդային ըմբոստութեան` մերժելու համար իրենց աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերեալ երեսփոխանական յանձնախումբին պատրաստած օրէնքը:
Հաննա Ղարիպ կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին կառչած մնալու Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին իրաւունքներուն եւ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի սարակները, պետական պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները իրենց իրաւունքները լիիրաւ կերպով ստանան:
Միւս կողմէ, Անձնական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ այսօր դասադուլ պիտի կատարուի Լիբանանի տարածքին գտնուող անձնական բոլոր դպրոցներուն մէջ, եւ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն մասնակցելու այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան կեդրոնատեղիին դիմաց տեղի ունենալիք ցոյցին` պահանջելու համար իրենց արդար իրաւունքները:
Մահֆուտ շեշտեց, որ երեք տարիէ ի վեր աշխատավարձի յաւելումներուն մասին ներկայացուած այս վերջին տարբերակը, որ մշակուած էր վերջերս կազմուած երեսփոխանական յանձնախումբին կողմէ, վատագոյնն է եւ իրաւազրկող:


