Յակոբ Կիւլոյեանի
Ելոյթները Իրանի Մէջ
Ծանօթ վիպասող Յակոբ Կիւլոյեան, որ Թեհրանի «Արարատ» մշակութային միութեան հրաւէրով Թեհրան մեկնած էր քանի մը շաբաթ առաջ, ասմունքի յաջող ելոյթներ ունեցած է Թեհրանի, Նոր Ջուղայի եւ Թաւրիզի մէջ` ամէն տեղ արժանանալով խանդավառ ընդունելութեան:
Ապրիլ 26-ին Նոր Ջուղայի Հայ ակումբի սրահին մէջ, խուռներամ հանդիսականներու ներկայութեամբ, ունեցած է իր արտասանական անդրանիկ ելոյթը` նիւթ ունենալով Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»-ը:
«Ալիք»-ի թղթակիցը այդ առթիւ Նոր Ջուղայէն կը գրէ.-
Յարգելի վիպասողի հարազատ ապրումները արտայայտւում էին համապատասխան դիմախաղերով, նիւթը աւելի գրաւիչ ու տպաւորիչ դարձնելով ու վարակելով սրահում եղող հասարակութեանը համապատասխան ապրումներով: Երկու ժամ հանդիսատեսը` կախարդական զօրութեամբ, իր հայեացքը գամել էր վիպասողի վրայ:
Երկարատեւ ու կրկնուող ծափահարութեամբ վերջացաւ ելոյթը:
Յ. Կիւլոյեանի Հրաժեշտի Խօսքը
Յ. Կիւլոյեան «Ալիք»-ի միջոցով (5 մայիս) հրաժեշտի հետեւեալ խօսքը ուղղած է իրանահայութեան.-
«Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան հրաւէրով վերնագրուած տրամադրութիւնը` լսելու Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» ղօղանջումը հայ պատմութեան, դարձաւ հրաւէրն ու սեփականութիւնը իմ հանդիպած վայրերու հայութեան` Թեհրան, Նոր Ջուղա ու Թաւրիզ: Վայրեր, ուր ինձ զգացի իմ ժողովուրդի հարազատ զգացումներուն մէջ, ինչպէս իմ ընտանիքի սիրով ու ջերմութեամբ լեցուն օճախի մէջ: Ինձ հարստացուցիք ու զօրացուցիք իմ հաւատքին ու խանդավառութեանս մէջ, որը ձերն է եւ ձեզմով կեանք առած` Տաճարում կը մնայ անկորնչելի, ինչպէս` Արարատը իմ էութեանս մէջ…:
Չափազանց քաղցր բան է ունենալ կամ ստեղծել առիթներ` ծառայելու ժողովուրդին:
Այցելած համայնքներուս մէջ սրահներ, տուներ, սեղաններ պատարագի ու խորաններ, տաճարներ կանգուն` լեցուն ու գեղեցիկ, երբեմն ամայի կամ աւերակ, մինչեւ Սալմաստի Փայաջուկ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցին, ուր անմահն Րաֆֆին է աղօթած, իր տունը, որուն խորհուրդի մէջէն այցելուն քիչ վերջ կը տեսնի կանգուն յուշարձանը հայ վերածնունդի սլացքին…
Ամէն մէկ վայրկեանը ձեր մէջ իմ ապրումներուս` դարձած երգ` կը մեկնիմ, իրանահայութենէն հոգիիս մէջ տարած անուններ, անուններ, անուններ ու սրբազան խորհուրդներ… երգելու համար գալիք օրերուս…
