Նախորդ ամրան Հայաստանի 19 եւ 21 տարեկանէն վար հաւաքականներու ֆութպոլիստ Սարգիս Շահինեան Միքայէն տեղափոխուած էր փորթուգալական կազմերէն Փրակայի:
Հայ ֆութպոլիստը ընդգրկուած էր Փրակայի 19 տարեկանէն վար խումբին մէջ, որ նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացած էր Փորթուգալի տարիքային խումբի ախոյեան:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը Շահինեանէն տեղեկացաւ որ ան շուտով պիտի վերադառնայ Հայաստան եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միքայի հետ:
Նկատի ունենալով, որ ան իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի կ՛առնուէր, որոշեց հեռանալ Փորթուգալէն:


