Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ խումբ մը քաղաքացիներ Արաբական ծոցի դաշնակցային երկրի իշխողներուն ուղերձ մը յղելով ընտրովի խորհրդարան մը եւ քաղաքական յաւելեալ ազատութիւններ կը պահանջեն:
Ուղերձը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ իր տեսակին մէջ իշխանութեան վերակազմակերպման հրապարակային առաջին պահանջն է: Ուղերձը ստորագրուած է ընդդիմութեան 130 համակիրներու կողմէ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խորհրդարանի կեդրոնատեղին Ապու Տապին է: Ան օրէնսդրական իշխանութիւն չունի եւ անոր քառասուն անդամները իշխող շէյխերուն կողմէ նշանակուած են: Ապու Տապիի Ալ Նահիան ընտանիքը կը վերահսկէ Էմիրութիւններու քարիւղի մեծ հարստութեան վրայ եւ անոր անդամները կը գրաւեն կառավարական գրեթէ բոլոր պաշտօնները: Ալ Նահիանները նաեւ նկատառելի ազդեցութիւն ունին վեց այլ քաղաք-պետութեանց մէջ, ներառեալ` մեծ պարտքեր ունեցող Տուպայի մէջ:


