Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին երէկ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ:
Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի հետ իր ունեցած հանդիպումին աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ, Ռուսիոյ դեսպանը անհաւանական նկատեց Լիբանանի նախագահին ընտրութիւնը` նախքան 25 մայիսի ժամկէտը:


