Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹԱՐԱՖ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԳԻՐՔԻՆ

July 4, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը իր ուրբաթ օրուան թիւով լոյս ընծայած է Ալփեր Կէօրմիւշի բաւական ընդարձակ յօդուածը, որուն մէջ ան անդրադարձած է Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլի հեղինակութեամբ հրատարակուած եւ Գրիգոր Զօհրապին նուիրուած գիրքին:

Յօդուածագիրը նախ եւ առաջ նոյնութեամբ կ՛արտագրէ գիրքի հեղինակին այն մուտքը, որուն մէջ Օվատիա կը պատմէ, թէ սկզբնական շրջաններուն որքա՛ն սխալ գիտէր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը եւ թէ օր մը ինչպէ՛ս դէմ յանդիման եկած է «հայոց տեղահանութեան» հարցով պատահածներու իսկական պատմութեան հետ:

Ապա ան կը ծանօթացնէ Գրիգոր Զօհրապի անձը` իբրեւ օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան մը, որ ամբողջ սրտով կը սիրէր այդ երկիրը եւ կը ծառայէր այդ երկրին: Արձագանգելով Զօհրապի կողմէ խորհրդարանին մէջ արտասանուած ճառերուն` Ալփեր Կէօրմիւշ կը պատմէ, որ Զօհրապ շատ յառաջապահ գաղափարներով մարդ մըն էր եւ հայկական հարցին մէջն ալ երկու ծայրայեղ կողմերը իրարու մօտեցնելու ու անոնց միջեւ միջին եզր մը ստեղծելու կը ճգնէր անվհատօրէն:

«Մարմարա» կը նշէ նաեւ, որ յօդուածին մէջ յուզիչ կերպով կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս Զօհրապ վերջին անգամ ակումբի մէջ թղթախաղ խաղցած էր իր մեծ բարեկամ Թալէաթ փաշային հետ եւ Թալէաթ բաժնուելէ առաջ ողջագուրուած էր Զօհրապին հետ ու համբուրած էր զայն: Երբ հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ էր այս համբոյրը, Թալէաթ պատասխանած էր. «Ներսէս բխեցաւ»: Ոչ ոք գիտէր, թէ անիկա մահուան համբոյր էր, որովհետեւ Թալէաթ մէկ օր առաջ արդէն ստորագրած էր Զօհրապին մահապատիժը:

Կրկնելով Նեսիմ Օվատիայի մաղթանքը` յօդուածագիրը կը գրէ, որ ինք կը մաղթէ, որ թրքական հասարակութիւնը այլեւս ճանչնայ Գրիգոր Զօհրապը` Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան պատմութեան այս արժէքաւոր զինուորը, եւ վերադարձնէ անոր բարոյական իրաւունքը:

Նախորդը

ՊԱՅԹՈՒՄ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԸ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՆՈՐՀԱԾ Է ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՆՁԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.