
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ գրգռութիւններ հրահրելու համար մղուած պայքարը իշխանութեան կորուստի աղերսանք է եւ ոչ թէ արդարութեան հետապնդում:
Պըրրի դիտել տուաւ, որ լարուածութիւններ հրահրելու այդ արշաւը խզած է ազգային բոլոր սկզբունքները:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի կառավարութիւնը կազմել ամէնէն մօտիկ ապագային, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերը:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռագիր մը ստացաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին` իր ապաքինման առիթով անոր յղած հեռագիրին համար:


