Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական խմբաւորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն նախագահեց ֆրանսացի (ծագումով լիբանանցի) երեսփոխան Հանրի Կապրիելը:

Ներկայ էին նաեւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, Թոնի Ֆրենժիէ, Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալպեր Ճուխատար եւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան Ա. քարտուղար եւ տեղեկատուական կցորդ Ֆրանսուա Ապի Սաապ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Կապրիել յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը բարդ է` նկատել տալով, որ ինք լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն մօտ շօշափած է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան նկատմամբ կառչածութիւն մը:
Կապրիել բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն մարդկային վարուելակերպը` անդրադառնալով հարիւր հազարաւոր սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան ժամանումին:
Ան նշեց, որ Լիբանանի համայնքային վարչակարգը սառած վիճակի մէջ կը գտնուի եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնք կ՛օժանդակեն շրջանցելու դժուարութիւնները:


