Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նախօրեակին Կը Մնանք Պահանջատէր» Ընդգծեց Վ. Եագուպեան

April 24, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, ընդհանրապէս,  արաբական աշխարհին մէջ եւ յատկապէս Լիբանանի տարածքին` շեշտելով, որ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները այսօր քաղաքական նոր հանգրուանի մէջ կը գտնուին:

Ան լուսարձակի տակ առաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ դրական մթնոլորտ կայ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ:

«Այնքան ատեն որ յիշողութիւնը վառ է եւ այնքան ատեն որ Հայ դատը կը մնայ անլոյծ, անոր հետապնդման աշխատանքը եւ Հայ դատի պայքարը պիտի փոխանցուին սերունդէ սերունդ, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին: Հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին կը մնանք պահանջատէր», եզրափակեց Վ. Եագուպեան:

«Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին Մէջ

vera-yacoubian-LIUՎերա Եագուպեան երէկ կէսօրին «Էլ. Այ. Եու.» համալսարանի (Լեպանիզ Ինթըրնեշընըլ Եունիվըրսիթի) Ժտէյտէի մասնաճիւղին մէջ դասախօսեց Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին:

Ներկայ էր նաեւ համալսարանի տնօրէն դոկտ. Կապի Խուրի:

Դասախօսութեան ընթացքին Վ. Եագուպեան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան զանազան հանգրուաններուն, հայութեան կողմէ Թուրքիոյ ներկայացուած պահանջներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին, ինչպէս նաեւ նիւթական ու բարոյական հատուցումին առումով:

Ան յատուկ կերպով շեշտեց Ցեղասպանութենէն ետք ընդհանրապէս արաբ ժողովուրդին եւ յատկապէս լիբանանցիներուն ցուցաբերած վերաբերմունքը` հայութեան նկատմամբ:

«Լիբանանի սահմանադրութիւնը եւ քաղաքական կառուցուածքը օժանդակեցին, որ հայութիւնը բարգաւաճի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային մարզերուն մէջ եւ նպաստէ Լիբանանի վերելքին: Այդ պատճառով լիբանանահայը դարձաւ երկրին ընկերային հիւսուածքին անքակտելի մասնիկներէն մէկը», եզրափակեց Վ. Եագուպեան:

Նախորդը

«Կը Շարունակենք Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման Մեր Պահանջը, Նոյնիսկ Եթէ Անիկա Դէպքերէն Դար Մը Ետք Ըլլայ» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Առաջին Փուլը Աւարտած Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.