Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Շուրջ Քառակողմ Համաձայնութիւն. Փութին Կը Զգուշացնէ, Որ Ինք Ուքրանիա Զօրք Ուղարկելու Իրաւունք Ունի

April 18, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

Ժընեւի մէջ երէկ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ քառակողմ երկարատեւ հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն գոյացուցած են համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, զինեալ խմբաւորումները պէտք է լուծարուին, շէնքեր գրաւողները պէտք է ապազինուին եւ հեռանան շէնքերէն, ինչպէս նաեւ ուքրանական կառավարութեան դէմ բողոքած բոլոր անձերը պէտք է համաներում ստանան:

Լաւրով ըսաւ, որ տագնապը պէտք է ուքրանացիները իրենք լուծեն, եւ երկարատեւ սահմանադրական բարեփոխումներ պէտք է կատարուին: Քերրի ուքրանական կառավարութիւնը գովաբանեց ռուսամէտ տարրերու կողմէ գրգռութեան դիմաց ինքնազսպում ցուցաբերելուն համար: Էշթըն իր կարգին ըսաւ, որ համաձայնութիւնը կը բովանդակէ «շօշափելի քայլեր, որոնք կրնան անմիջապէս գործադրուիլ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Կատարելապէս յստակ է, որ Ռուսիա անցեալ ամիս Խրիմը իրեն կցելով Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը ոտնահարեց»` աւելցնելով. «Ռուսիա կը շարունակէ ոտնահարումները` Ուքրանիոյ հարաւին եւ արեւելքին մէջ աջակցելով միլիսներուն»: Օպամա զգուշացուց, որ «Ռուսիա պատժամիջոցներ պիտի դիմագրաւէ, եթէ շարունակէ գործել արարքներ, որոնք Ուքրանիոյ կայունութիւնը կը քայքայեն»` հակառակ անոր որ ինք համոզուած է, որ Մոսկուա զինուորական տագնապի մը չի ձգտիր:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած ուղերձի մը ընթացքին զգուշացուց, որ ինք Ուքրանիա զօրք ուղարկելու «իրաւունք մը» ունի, սակայն կը յուսայ, որ այդ իրաւունքը կիրարկելու պիտի չստիպուի: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ տագնապը երկխօսութեան ճամբով լուծուի:

Փութին ուքրանական իշխանութիւնները զգուշացուց, որ դէպի վիհ կ՛ուղղուին: Ան անհեթեթ նկատեց այն պնդումները, թէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսական մասնայատուկ ուժեր կը գործեն:

Ռուսիոյ նախագահը այն կարծիքը յայտնեց, որ որոշ ուժեր կ՛ուզեն Ռուսիան «մասնատել» Եուկոսլաւիոյ օրինակով` աւելցնելով. «Գժտեցնել Ռուսիան եւ Ուքրանիան, բաժնել, մաս-մաս ընել ըստ էութեան միասնական ժողովուրդը` միջազգային քաղաքականութեան առարկան է հարիւրամեակներէ ի վեր»: Փութին դիտողներուն յիշեցուց, որ ցարական Ռուսիան արեւելեան Ուքրանիան «Նոր Ռուսիա» կը կոչէր:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիա Խրիմի մէջ քայլ առած է մասամբ մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Ուքրանիան կրնայ բռնակցուիլ ՕԹԱՆ-ի, մինչ վերջինս դէպի արեւելք կ՛ընդլայնի:

 

Նախորդը

Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան «Թուրանի Բանակ» Կը Ստեղծեն

Յաջորդը

«Սուրիոյ Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Նախագահութեան Թեկնածութեան Յառաջադրման Հրաւէր Պիտի Ուղղէ» Ըսաւ Զոհպի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.