Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանեալներուն Միջազգային դատական ատեանին յանձնումը լիբանանեան իշխանութիւններուն գործակցութեան կը կարօտի:
Պելմար հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանը իր հետաքննութիւնը կը շարունակէ` աւելցնելով, որ նաեւ յաւելեալ ամբաստանութիւններ կրնան արձակուիլ:
Պելմար շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք համբերատար եղան` շեշտելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բացայայտելու Հարիրիի սպանութեան վերաբերող ճշմարտութիւնը:
Անդրադառնալով ամբաստանեալները դատական իշխանութիւններուն յանձնելու հարցին` Պելմար յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան օրէնքի գերիշխանութեան, լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ մնայուն գործակցութեան եւ Միջազգային ընտանիքին զօրակցութեան:


