Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ ԱՐԱԳԱՑՆԷ, ԱՅԼԱՊԷՍ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

July 2, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտնեց, որ սուրիական կառավարութեան առջեւ բարեփոխումներ կատարելու առիթը կը սպառի: Ան նաեւ Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքին` Հալէպի մէջ հինգշաբթի օր արձանագրուած բռնարարքները դատապարտեց` յայտնելով, որ Դամասկոսի վարած քաղաքականութիւնը «ներդաշնակութեան բացակայութենէ» կը տառապի, որովհետեւ մէկ կողմէ կ՛արտօնէ, որ ընդդիմութիւնը ընդհանուր ժողով գումարէ, ապա նոր ճնշումներ կը գործադրէ:

Ան նշեց, որ ինք «ցնցուած» է սահմանամերձ շրջաններու եւ Հալէպի մէջ բռնարարքներու շարունակութեան մասին լուրերէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «յստակ է, որ սուրիական կառավարութեան դիմաց ժամանակը կը սպառի», եւ սուրիական վարչակարգին ներկայացուց երկընտրանք մը` կա՛մ «քաղաքական լուրջ հոլովոյթ մը», կամ ալ «յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ դիմադրութիւն մը»:

Քլինթըն նշեց, որ «մենք գործերու կը սպասենք եւ ոչ թէ խօսքերու. տակաւին բաւարար գործեր չտեսանք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովը սուրիական վարչակարգին կողմէ կատարուած «ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մըն է»:

Քլինթըն այդ գնահատականին մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը «ներդաշնակ պատգամ մը» չ՛ուղարկեր:

Ուաշինկթըն երէկ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ընդլայնելով անոնց մէջ ներառեց ապահովական մարմինները:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը սկսած է Հալէպի մէջ իր շարքերը կազմակերպել:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ մօտ օրէն միջինարեւելեան իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ Սուրիա պիտի այցելէ: Ան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց` «կարելի եղածին չափ շուտ բարեփոխումներուն համար ժամանակացոյց մը յայտարարելու»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Ունալ հերքեց այն լուրերը, ըստ որոնց, Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցները` Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ Գերմանիան տեղեակ պահած է, թէ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու կը պատրաստուի: «Այս լուրերը անհիմն են եւ ճշմարտութենէ հեռու», ընդգծեց Ունալ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն վնասել Սուրիոյ, որովհետեւ Սուրիան շրջանին մէջ Իսրայէլի դէմ միակ ընդդիմութիւնն է»: Ան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կ՛օգտագործեն, որպէսզի կործանեն Թեհրանի եւ Դամասկոսի դաշինքը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ դաշինքը Իսրայէլի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արեւմտեան շահերուն համար սպառնալիք կը ներկայացնէ:

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԷ 575 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

Յաջորդը

ՓԵԹՐԷՈՒՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»Ի ՂԵԿԱՎԱՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.