Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին որդեգրած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը քննադատող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանաձեւը որակած է «հապշտապ պատրաստուած» եւ «ոչ լուրջ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս նշած է «1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին»` ընդգծելով արդար յիշողութեան եւ այս հարցին մէջ թուրքերու եւ հայերու միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ յիշեցուցած է հայ-թրքական պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու իրենց առաջարկը` ըսելով, որ յանձնախումբի ստեղծման հարցը կը շարունակէ մնալ իրենց օրակարգին վրայ:
Նշենք, որ վերոնշեալ հաղորդագրութեան անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն թարգմանութիւնները աւելի ուշ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէն ջնջուեցան: Այնուհետեւ անոնց վրայ չնչին բարեփոխումներ կատարելէ ետք անոնք վերստին տեղադրուեցան:


